Դեսպան Սուիտալսքին ԵՄ-Հայաստան Առեւտրային Յարաբերութիւններու Կարողականութիւնը կը Գնահատէ Շատ Աւելի Մեծ, Քան Ներկայիս Օգտագործուողը

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Պէոտր Սուիտալսքին եւրոմիութեան եւ Հայաստանի առեւտրային յարաբերութիւններու զարգացման յարաշարժը շատ դրական կը գնահատէ: Սակայն, անոր կարծիքով, յարաբերութիւններու կարողականութիւնը առեւտուրի ոլորտէն ներս շատ աւելի մեծ է, քան ներկայիս օգտագործուողը:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Պէոտր Սուիտալսքին նման տեսակէտ յայտնած է ԵՄ-ՀՀ գործընկերութեան կոմիտէի առեւտուրի հարցերով առաջին նիստին Հայաստանի մէջ:

«ԵՄ-ն Հայաստանի համար ամենախոշոր, հեռանկարային շուկան է: Մենք, փաստօրէն, երկրորդ խոշորագոյն ներդրողն ենք Հայաստանի մէջ: ԵՄ-ի հետ առեւտուրի աճը տեսանելի եւ շօշափելի է, ԵՄ-ն Հայաստանի ամենայարաշարժ զարգացող գործընկերն է այս պահու դրութեամբ: Սակայն, բոլորս կը գիտակցինք, որ մեր յարաբերութիւներու կարողականութիւնը առեւտուրի ոլորտէն ներս շատ աւելի մեծ է, քան ներկայիս անիկա կ՝օգտագործուի»,- ըսած է Սուիտալսքին:

Դեսպանը նշած է, թէ շատ ուրախ է, որ Հայաստան կ՝օգտուի արտօնութիւններու ընդհանրացուած GSP+ կարգավիճակէն: Եւ անցեալ 3 տարուան ընթացքին այդ վարչաձեւով Հայաստանի արտահանման արժէքը աւելի քան կրկնապատկուած է:

«Այժմ մենք ունինք ՀՀ-ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը, որ շատ լաւ է փոփոխութիւններու, կապերու, հաղորդակցութեան համար: Առեւտուրի ազատականացման համար համաձայնագիրին մէջ կան յատուկ դրոյթներ, որոնք կը վերաբերին օրէնսդրական շրջանակին, պետական գնումներուն, սպառողական իրաւունքներու պաշտպանութեան, կանոնակարգման»,- նշած է Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավարը՝ հաւաստիացնելով, որ անոնք անպայման պիտի կիրառուին պայմանագիրի իրականացման ընթացքին: