Արցախի Նախագահը Հանդիպում Ունեցած է Մշակութային Հանրածանօթ Գործիչներու Հետ

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Սեպտեմբեր 25-ին, ընդունած է հանրածանօթ մշակութային գործիչներ Մարթին Վարդազարեանը, Երուանդ Երզնկեանը, Լեւոն Մալխասեանը եւ Աշոտ Առաքելեանը: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ քննարկուած են Արցախի մէջ մշակութային կեանքի զարգացման վերաբերող տարբեր հարցեր:

Նախագահը պահանջուած եւ օգտակար համարած է նման հանդիպումները՝ նշելով, որ անոնք հնարաւորութիւն կու տան բազմակողմանի եւ խոր պատկերացում կազմելու մշակոյթի ոլորտէն ներս տարբեր խնդիրներու եւ անոնց լուծման ուղիներուն վերաբերեալ:

Բակօ Սահակեան երաժշտահան Մարթին Վարդազարեանին յանձնած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան «Վաչագան Բարեպաշտ» մետալ, իսկ արուեստագէտ Աշոտ Առաքելեանին՝ վաստակաւոր նկարիչի պատուաւոր կոչման վկայական՝ բարձր գնահատելով անոնց ներդրումը Արցախի մէջ մշակոյթի զարգացման գործին մէջ:

Հանդիպման մասնակցած են ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: