Ատրպէյճանի Մէջ Կազմակերպուած Ձեւով Կ՝իրականացուի Հայատեացութեան Քաղաքականութիւն. Արցախի ՄԻՊ-ը Յատուկ Զեկոյց Հրապարակած է

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան ՄԻՊ գրասենեակը ներկայացուցած է «Հայատեացութիւնը Ատրպէյճանի մէջ. կազմակերպուած ատելութեան խօսքն ու թշնամութիւնը ընդդէմ հայերու» յատուկ զեկոյցը: Ըստ Armenpress.am-ի՝ Արցախի մէջ հրաւիրուած ասուլիսին ընթացքին, Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռուբէն Մելիքեան նշած է, որ զեկոյցը համապարփակ կերպով կը ներկայացնէ դէպքերը, օրինակները՝ կապուած հայատեացութեան հետ:

«Այս զեկոյցը իւրայատուկ է անով, որ այստեղ հայատեացութեան օրինակները կը ներկայացուին իրաւական ծիրէն ներս: Ասիկա բացառապէս մարդու իրաւունքներուն վերաբերող խնդիր է, մենք ներկայացուցած ենք իրաւական գնահատականներ՝ անդրադառնալով հարցերուն միջազգային իրաւունքի, պայմանագիրներու, նախադէպերու տեսանկիւնէն: Մեր գլխաւոր նպատակը միջազգային հանրութեան Ատրպէյճանի մէջ հայատեացութեան խնդիրները ներկայացնելն է»,- ըսած է Ռուբէն Մելիքեան: Արցախի ՄԻՊ-ը նշած է, որ այս գործընթացին մէջ պէտք է ներգրաւել քաղաքացիական հասարակութեան հիմնարկները, որպէսզի բաւական լաւ տեղեկացուած ըլլան խնդիրին մասին, իսկ ատոր համար անհրաժեշտ է ճշգրիտ տեղեկատւութիւն:

Թուֆէնկեան բարեգործական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան, իր հերթին նշած է, որ փաստերը կը վկայեն՝ Ատրպէյճանի մէջ հայատեացութիւնը կազմակերպուած է, անիկա մէկօրեայ, մէկամսեայ դրսեւորում չ՝ունենանար, այլ՝ շարունակական է:

«Կ՝ըլլան շրջաններ, որ այդ խնդիրը կը սրուի, կ՝ըլլան, որ կը նուազի, սակայն անիկա կ՝իրականացուի մնայուն կերպով կազմակերպուած: Պէտք է շարունակել նման ուսումնասիրութիւնները, հետեւիլ եւ բացայայտել հայատեաց քարոզչութեան աղբիւրները: Այսպիսի ուսումնասիրութիւնները պէտք չէ ըլլան ներքին սպառման համար: Մեր ազգը զգացած է հալածանք, կոտորած, ցեղասպանութիւն, ատիկա մեզի համար նորութիւն չէ: Պէտք է այնպէս կազմակերպել գործընթացը, որ միջազգային կազմակերպութիւնները տեղեկանան այն իրադարձութիւններուն, որոնք տեղի կ՝ունենան Ատրպէյճանի մէջ»,- ըսած է Րաֆֆի Տուտագլեան:

Ատրպէյճանական հարցերով փորձագէտ Անժէլա Էլիբէգովան նշած է, որ Ատրպէյճանը անկախացումէն ետք որդեգրեց հայատեացութիւնը իբրեւ պաշտօնական քաղաքականութիւն:

«Առաջին դէմքի ամէն երկրորդ ելոյթին մէջ կը տեսնենք հայատեացութեան դրսեւորում, հայերը ատրպէյճանցիներուն համար մէկ թշնամին են: Հասարակութիւնն ալ այդ թեզերը կ՝ընդունի: Նախարարներու, պատգամաւորներու մակարդակով նոյն հայատեացութեան թեզերը հետեւողաբար կը հասցուին հասարակութեան: Նոյնը կ՝ընէ փորձագիտական հանրութիւնը: Նոյնիսկ մանկական խաղերու, հեքիաթներու, դասագիրքերու միջոցով երեխաներուն կը սորվեցնեն ատել հայերը: Ի դէպ, ատիկա կ՝ընեն ապատեղեկատւութեան միջոցով»,- ըսած է Անժէլա Էլիբէգովան:

Փորձագէտին խօսքով, այսօր Ատրպէյճանը խնդիրին լուծում չի պատրաստուիր տալու: Անոր խօսքով, նոյնիսկ եթէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը սկսի փոխել քաղաքականութիւնը, մաքրէ գիրքերը, մամուլը, ապա պէտք է մէկ, երկու սերունդ անցնի, որ թունաւորուած գիտակցութիւնը մարդոց մէջէն ելլէ: Փորձագէտը այսօր նման միտումներ չի տեսներ:

«Ատրպէյճան չեն ձգեր մարդոց, որոնք ունին հայկական ազգանուններ, կը հետապնդեն անոնց, որոնք ունին հայկական արիւն: Երկրին մէջ իւրաքանչիւր բացասական երեւոյթ կը  կապուի հայերու հետ: Այս ամէնը կարելի է տեսնել բանալով իւրաքանչիւր ատրպէյճանական կայք»,- աւելցուցած է Անժէլա Էլիբէգովան: