Գամիշլիի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Նուիրուած Ֆութպոլի Մրցաշարք

Սփիւռք

Հովանաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գամիշլի մասնաճիւղի վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ մարզական յանձնախումբին՝ հինգ շաբթուայ տեւողութեամբ՝ Գամիշլիի մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.- ի 100 ամեակի նուիրուած ֆութպոլի մրցաշարք։

Առաջին հանգրուանին մասնակցեցան կրտսերներու երկու խմբակներ։

Իւրաքանչիւր խմբակ բաղկացած էր չորս խումբերէ՝ Մասիս Ա- Մասիս Բ.- Մար քրիաքըս – Ախաուիէ:

Առաջին խմբակի ախոյեան հանդիսացաւ Մար քըրիաքս, իսկ երկրորդ խմբակի բաժակը ստացաւ Մասիս Ա. խումբը:


Մրցաշարքի երկրորդ հանգրուանը երէց մարզիկներէ կազմուած խումբերու միջեւ էր։
Այսպիսով չորս խումբեր յառաջացան Ալճիհատ- Մասիս- Ախաուիէ եւ փաստաբան մարզիկներու խմբակ: Սոյն մրցաշարքին Ախոյեան հանդիսացաւ Ալճիհատ խումբը, Իսկ վերջին հանգրուանը երէցներու մրցաշարքն էր,որուն մասնակցեցան եօթը խումբեր՝ Մասիս Ա.- Մասիս Բ – Ախաուիէ Ա – Ախաուիէ Բ – Մար Քրիաքըս- Սութորօ-Աքսըս եւ թաճամօ մասիհի։


Աւարտական խաղը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 14 Սեպտեմբեր 2018-ին, ներկայութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ եղբ.Զաւէն Գասպարեանի, Պատկան մարմնի, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ մարզասէր հոծ բազմութեան։ Աւարտական հասնող երկու խումբերը Մասիս Ա. եւ Մար Քրիաքըս խաղցան եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ, ուր տիրեց բարձրորակ խաղաոճ եւ արժանացան ներկաներու քաջալերական կանչերուն եւ ծափողջոյններուն։ Խաղը վերջ գտաւ ի նպաստ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Մասիս խումբին։ Աւարտին տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100 ամեակի նուիրուած յուշանուէրներու բաշխում և այս առթիւ իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին Մասնաճիւղիս վարչութեան Ատենապետ բժշ. Եղբ. Անդրանիկ Սարգիսեանը մարզական յանձնախումբի պատասխանատու երկրչփ.եղբ. Կարպիս Շիրիքճանը և Գամիշլիի մէջ վաստակաշատ մարզական պատասխանատու եւ մարզիչ Տիար Ճորճ Խազումը, որ բարձր գնահատեց մրցաշարքը կազմակերպող յանձնախումբը եւ ընդհանրապէս Հ.Մ.Ը.Մ-ի աշխատանքը, որ երկար տարիներու ընթացքին Գամիշլիի մէջ զարգացուց մարզական կեանքը։