Հայաստանի Անկախութեան 27-ամեակի Տօնակատարութիւն Շարժայի Մէջ (լուսանկարներ)

Հայաստան, Սփիւռք

Հովանաւորութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի եւ կազմակերպութեամբ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան, Ուրբաթ 21 Սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Բիէր Քէսօէսեան սրահէն ներս նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-րդ ամեակը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմէն։

Բացման խօսքը կատարեց Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Մուշեղ Պետիրեան, ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ բեմ հրաւիրեց այս առիթով Հայաստանէն ժամանած արուեստագէտ՝ Դաւիթ Յակոբեանը, որ ազգային եւ ժողովրդական երգերու մեկնաբանութեամբ շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց:

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Սրբազան Հայրը: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ 27 տարիներու ընթացքին հայաստանէն ներս տեղի ունեցած զարգացումներուն, ան նշեց թէ 27 տարուայ անկախութիւն ունեցող երկիրը, այսօր աւելի հզօր է իր ժողովուրդով: Ան ըսաւ.- «70 տարիներու խորհրդային միութեան գերիշխանութիւնն ու հալածանքները չի կրցան ոչ մէկ ձեւով տկարացնել մեր հայրենիքը եւ մարել ազգասիրութեան տենչը, ապրեցանք եւ գոյատեւեցինք կառչած մնալով մեր հաւաքական կամքին ու մեր հայրենիքի հողին: 70 տարիներու ընթացքին մեր եկեղեցւոյ դուռը փակելով ուզեցին մոռցնել մեր հաւատքը, սակայն չի գիտցան որ մեր տուները վերածեցինք եկեղեցւոյ խորաններու, մեր հոգիներուն մէջ ամրապնդուած պահեցինք հինէն ի վեր խարսխուած քրիստոնէական հաւատքը: 70 տարիներու ընթացքին ուզեցին մոռցնել տալ մեր ազգային արժէքները, բայց չգիտցան որ մենք կը գոյատեւենք մեր ազգի պահանջատիրական շունչով: 70 Տարիներ փորձեցին մեր մէջ հեռացնել մեր ինքնուրոյն մշակոյթը առաջնորդելով մեզի դէպի բազմամշակոյթ ընկերութեան, սակայն մոռցան որ մենք մեր մշակոյթը մեր գոյութեան կռուաններէն մէկն է եւ մենք մշակոյթով կ’ապրինք ու կ’ստեղծագործենք:

Սրբազան Հայրը խօսքը աւարտելով ըսաւ- «վայ մեզի եթէ Հայաստանին մօտենանք զբօսաշրջութեան նպատակով, Հայաստանը մեր բոլորին առօրեայ մտահոգութիւնը պէտք է դառնայ որպէսզի ամրապնդենք անոր անկախութիւնը ու հզօրացնենք հայրենի բանակը»: Ապա պահպանիչով փակեց օրուայ հանդիսութիւնը: