Շնորհակալ Եմ Վստահութեան Համար. Հայկ Մարութեան

Հայաստան

Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն յաղթած «Իմ քայլը» դաշինքի քաղաքապետի թեկնածու Հայկ Մարութեան ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ գրած է.«Սիրելի հայրենակիցներ ջան, սիրելի երեւանցիներ ջան, հարազատներ ջան: Այս յաղթանակը մեր դաշինքի յաղթանակը չէ: Սա միայն ու միայն մեր ժողովուրդի յաղթանակն է, որ ապացուցեց ամբողջ աշխարհին, որ միասնական եւ վճռական է ժողովրդավարական պետութիւն կառուցելու ճանապարին: Հպարտ եմ, որ ձեզմէ մէկն եմ, երջանիկ եմ, որ ձեր մէկ մասնիկն եմ:

«Շնորհակալ եմ վստահութեան համար: Պատրաստ եմ ամէն օր, ամէն ժամ , ամէն րոպէ, ամէն վայրկեան ծառայել ձեզի, որպէսզի մեր Երեւանը միասին դարձնենք մեր երազանքներու քաղաքը»: