Սփիւռքի Նախարարը Ներկայ Գտնուած է «Սուրիահայ Մշակոյթի Շունչը Երեւանի Մէջ» Ցուցահանդէս-Տօնավաճառի Բացման

Հայաստան, Սփիւռք

Չորեքշաբթի,19 Սեպտեմբեր 2018-ին, Սփիւռքի Նախարարութեան, Երևանի քաղաքապետարանի եւ «Սուրիահայերու Հիմնախնդիրները Համակարգող Կեդրոն» Հասարակական Կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ Երևանի մէջ բացումը կատարուած է սուրիահայերու ձեռային աշխատանքներու «Սուրիահայ Մշակոյթի Շունչը Երեւանի Մէջ» աւանդական դարձած բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառին՝ նուիրուած ՀՀ անկախութեան տօնին: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայերն Այսօր»-ը։

Ցուցահանդէսի բացումին ներկայ գտնուած են Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը եւ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ հետ կապուած աշխատանքներու ժամանակաւոր հաւատարմատար եւ հիւպատոս Պաշար Սաֆին:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են ոչ միայն համեղ եւ բազմատեսակ ուտեստներ, այլեւ ձեռային աշխատանքներ, բնական քարերով եւ արծաթով պատրաստուած զարդեր:

Մխիթար Հայրապետեան այցելած է բոլոր տաղաւարները, ծանօթացած մասնակիցներուն, լսած անոնց հարցերը: «Այսօրինակ միջոցառումները պէտք է շարունակական բնոյթ կրեն, իսկ Սփիւռքի նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ, որպէսզի ստեղծէ ընդհանուր հարթակ մը, ուր այս մարդիկ պիտի կարենան ներկայացնել իրենց ձեռային աշխատանքները»,- ըսած է նախարարը:

Մասնակիցները դիտել տուած են, որ առեւտուրէն դժգոհութիւն չունին, սակայն կարելիութիւն չունին առանձին խանութներ վարձելու: Մխիթար Հայրապետեան յայտնած է, որ նախարարութիւնը այս հարցին կապակցաբար աշխատանքներ կը տանի: