Փոխլրացուցիչ Քաղաքականութեան Համար (Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման 27-ամեակին Առիթով)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

“Ազդակ”-ի խմբագրական


Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնը ներկայ պայմաններուն մէջ ներքին եւ արտաքին իրադրութիւններու զարգացման միտումներուն վրայ կեդրոնանալու կը հրաւիրէ հայ քաղաքական միտքը:

Պատմական ճշմարտութիւն է, որ ազգերն ու պետութիւնները իրենց անկախութեան համար մնայուն պայքարի մէջ են. այդ պայքարը ոչ միայն ռազմական բնոյթ ունի, այլ` մեծ չափերով քաղաքակրթական, աւելի մասնակիօրէն` մշակութային, կրթական, լեզուական եւ հիմա նաեւ յատկապէս արհեստագիտական:

Աւելի համայնական հայեացք մը աշխարհակարգի ներկայ դրութեան մէջ` կը նկատէ միաբեւեռացումի հարթիչ գլանային գործընթաց մը` ստեղծելու քաղաքականութիւն մը, անվերջ դաշնակցելու-հակադրուելու, ապա տարբեր միացեալ ճակատներ կազմելու եւ այդ բոլոր աշխարհաքաղաքական խաղերով ազդեցութեան գօտիներ ստեղծելու` եղանակներով տարբեր, սակայն ըստ էութեան միեւնոյն վերահսկողական քաղաքականութիւնը:

Ներկայ աշխարհադրոյթին մէջ, ուր վերահսկողականութիւնը ամէնէն կոշտ եւ ամէնէն ուղղակի դրսեւորումները կ՛ունենայ համակողմանիօրէն, առաւել եւս կը շեշտուի ազդուող ազգերու ու պետութիւններու պարագային կախեալացումի քաղաքականութիւնը:

Մեր պարագային եւս, դէպի տարածաշրջան ներթափանցման համար հսկայ քայլեր առնելու եւ համարժէք գործողութիւններ իրականացնելու պատրաստ Ուաշինկթընը մէկ կողմէ եւ, միւս կողմէ, ռազմավարական բազմաթիւ ոլորտներ վերահսկելի դարձուցած Մոսկուան այս պարագային Հարաւային Կովկասի նկատմամբ աշխուժօրէն կը կիրարկեն մէկ կողմէ նոր գօտիներ ազդեցութեան տակ առնելու եւ, միւս կողմէ, ազդեցութեան տարածքները հզօր ձեւով պահպանելու երկկողմանի քաղաքականութիւն:

Երեւանը գերտէրութենական համընդհանուր այս մթնոլորտին մէջ կը շարունակէ իրականացնել փոխլրացուցիչ, հաւասարակշիռ  արտաքին քաղաքականութիւն: Այս բանաձեւը կը բացատրուի` Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ ռազմավարական յատուկ գործընկերութիւնը շարունակելով, Միացեալ Նահանգներու հետ տարբեր ուղղութիւններով համագործակցութիւնը ծաւալելով, ՀԱՊԿ-ի անդամ ըլլալով` ՕԹԱՆ-ի զօրավարժութիւններուն մասնակցելով, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ Ուաշինկթընի, միջազգային ընտանիքի թէ Ռուսիոյ ղեկավարած խաղաղապահ կամ մարդասիրական առաքելութիւններուն մաս կազմելով. տակաւին, ԵՏՄ-ի անդամ ըլլալով յատուկ ձեւաչափով ԵՄ-ի հետ համաձայնագիր կնքելով եւ արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներուն մէջ յատուկ կարգավիճակ ձեռք բերելով:

Երկու դրացի հակառակորդներու կողմէ շրջափակուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը այս պայմաններուն մէջ այս բոլորը հաւասարակշռուած ձեւով եւ բազմակողմ դիւանագիտութեամբ իրականացնելով, ըստ էութեան, կը գործադրէ արտաքին քաղաքականութեան ամէնէն գերակայ ուղղութեան կարեւորագոյն գործառոյթները:

Ուաշինկթընեան թափանցումներուն եւ ռուսական կախեալութեան արանքին կ՛երեւայ դէպի Եւրոպա ուղին, որ խորքին մէջ ուժի հաւասարակշռութեան, այս պարագային արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութեան կողմնացոյցին ցոյց տուած  աշխարհագրաքաղաքական միջավայրն է:

Պաշտօնական Երեւանը, իբրեւ մեկնարկային բնորոշում, աննախադէպօրէն դրական գնահատական ստացած է եւրոպական ընտանիքէն: Դրական այդ գնահատանքին հիմնաւորման ամէնէն ազդեցիկ իրագործումները անարիւն յեղափոխութիւնն ու ժողովրդավարացման ձգտումի վճռական քայլերն են, նաեւ` փտածութեան դէմ պայքարի զգալիութիւնը եւ նման քայլեր, որոնք մաս կը կազմեն եւրոպական արժեհամակարգին:

Այս պատճառով ալ դէպի Եւրոպա ուղիի հարթումին կը սատարեն եւ պէտք է սատարեն արդարադատութեան ամբողջական անկախացումը, մարդու իրաւունքներու լիարժէք յարգումը, իրաւական պետութեան համոզիչ կայացումը, քաղաքական հալածանքի ի սպառ բացակայութիւնը եւ այս պարագային, իբրեւ անմիջական իրագործելի առաջադրանք` ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններու կայացումը:

Օրեր կը բաժնեն մեզ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններէն: Դէպի Եւրոպա համարկման եւ վերը նշուած ուժերու հաւասարակշռման եւ հակակշռման համար անփոխարինելի այս ռազմավարական ուղին առաւել եւս հարթելու համար աւելի քան էական է, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները իրենց անառարկելի կատարողականութեամբ գրաւեն ուշադրութիւնը Եւրոպայի համապատասխան կառոյցներուն:

Նախընտրական արշաւը կրնար աւելի քաղաքակիրթ մշակոյթով հանդէս գալ համակողմանիօրէն, ուր նահանջէին` կիրքը, անուանարկումները, վերագրումները, բաժանարար հռետորաբանութիւնը, եւ իշխէր` յանունը, առողջ բանավէճը, տարբեր թեկնածուներու ներկայացուցած ծրագիրներու նկատմամբ կողմնորոշուելու ընտրանքը: Այդ բացթողումը երկրորդական գիծ կը մղուի, եթէ իրաւամբ քաղաքապետական ընտրութիւնները արձանագրուին ըստ էութեան ազատ, արդար եւ թափանցիկ:

Արդար ընտրութիւնները հիմքն են իրաւական պետութեան ստեղծման: Արդարօրէն ընտրուած մարմիններու օրինականութիւնը անհրաժեշտ նախադրեալ` արտաքին հաւասարակշիռ քաղաքականութեան կիրարկման: Իսկ փոխլրացուցիչ հաւասարակշիռ քաղաքականութեան իրականացումը նպաստող գործօն` անկախութեան եւ գերիշխանութեան: