Սարեանի Պուրակին Մէջ Տեղադրուած Դաշնամուրը Պիտի Աշխուժացնէ Մշակութային Կեանքը

Հայաստան

Այսուհետեւ Մարտիրոս Սարեանի պուրակին մէջ կարելի է ոչ միան զբօսնել, դիտել նկարիչներու գործերը, այլեւ` դաշնամուր նուագել: ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը եւ «Փուշ» նախագիծը Սեպտեմբեր 19-ին պուրակին մէջ տեղադրած են դաշնամուր, որմէ կրնան օգտուիլ բոլորը: Այս մասին կը գրէ «Մետիամասք»-ը։

«Երեւանի մէջ կան դաշնամուրներ, որոնց վրայ գրուած է` ձեռք չտալ: Մեր դաշնամուրը բաց է բոլորին համար: Մարդիկ միշտ կրնան գալ այստեղ ու նուագել: Այսպիսով կը փորձենք հանրութիւնը աւելի ներգրաւել քաղաքի մշակութային անցուդարձին մէջ»,- ըսած է «Փուշ» նախագիծի տնօրէն Սոնա Ասատրեան:

Ձմրան, հաւանաբար, դաշնամուրը տեղափոխուի այգիէն, սակայն անիկա պատուած է յատուկ նիւթերով, որպէսզի եղանակի փոփոխութենէն չվնասուի: Գործիքին մէջ ջրահեռացման համակարգ տեղադրուած է, անիկա նաեւ տեսախցիկով պիտի հսկուի: Նախաձեռնութեան հեղինակները դաշնամուրը «խելացի» դարձուցած են, տեղադրած են Wi-Fi ու հեռախօսները լիցքաւորելու սարքեր:

Երաժշտական գործիքը դարձած է նկարիչ Վահէ Յակոբեանի «կարմիր» շարքի գործերէն մէկը: Երիտասարդ արուեստագէտին առաջարկած են նկարել գործիքին վրայ: Վահէն ալ որոշած է 4 կտաւէ բաղկացած իր շարքը ամփոփել դաշնամուրին վրայ նկարելով:

Պուրակին մէջ տեղադրուած դաշնամուրին առաջինը մօտեցած է աշխարահռչակ երաժիշտ-երգահան Տիգրան Մանսուրեան: Կատարած է հատուած մը «Կտոր մը երկինք» ֆիլմի յայտնի երաժշտութենէն:

«Երիտասարդներ, երեխաներ կու գան երեկոյեան կը նստին այգիի մէջ: Պատկերացուցէք ոեւէ երիտասարդ իր ընկերուհիին համար մեղեդի նուագէ: Ին՜չ հրաշք է»,- նկատել տուած է Մանսուրեան:

«Փուշ»-ը «Այբ» դպրոցի շրջանաւարտներու նորաստեղծ նախագիծն է: Որոշած են եւս 7 դաշնամուր տեղադրել քաղաքի տարբեր հատուածներու մէջ ու զանոնք դարձնել մշակութային ձեռնարկներ իրականացնելու վայր: