Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Բեռնատար Մը Թալանուած է

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիոյ մէջ յանցախումբը Հայաստանէն Հոլանտա ուղեւորուող հայկական բեռնատար մը թալանած է: Այս մասին կը յայտնէ թրքական milliyet.com.tr-ն:

Դէպքը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ Քոճայելի քաղաքին մէջ, բեռնատարին մէջ եղած է 20 թոն  արճիճաքար (molybdenum):

Յանցախումբի անդամները ներկայացած են իբրեւ ոստիկան, վարորդը դուրս բերած են բեռնատարէն, կապած, ապա թալանած են բեռնատարը:

7 յանցագործներէն 4-ը ձերբակալուած են:

Մինչ այդ յանցագործները արդէն հասցուցած էին իրացնել գողօնին մէկ մասը` ստանալով աւելի քան 800 հազար տոլար:

Յանցախումբին մէջ եղած են նաեւ Վրաստանի քաղաքացիներ: