Արարատի Գագաթին` Եռագոյն Պարզել Կ՛ուզեմ… Իրականացած Փափաք Եւ Շօշափելի Երազ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ


Արարատագնացութիւն…

Կանգնիլ բիւրեղ գագաթին այն լերան, որ հայութեան դարաւոր ժառանգութիւնն է, իսկ զայն վերադարձնելը` աւելի քան մէկ դարու անշիջելի կտակ:

Կանգնիլ ու հպարտանալ, կանգնիլ ու երդուել, կանգնիլ ու լալ, խնդալ, ուխտել, լիանալ, բայց անպայման` աւելի հայանալ…

Կանգնիլ այդ սպիտակ ու անբիծ սաւանին վրայ, անպայման հասնիլ հոն, մանաւանդ երբ հոգեկան, ֆիզիքական եւ գումակային ամէն տեսակ նախապատրաստական աշխատանք տարած ես` ոտքդ ուժգին դնելու այդ երազային գագաթին:

Կանգնիլ ՄԵԾ Մասիսին վրայ եւ, հայկականութեամբդ աւելի զօրացած, վերադառնալ սփիւռքի հայկական տարբեր գաղութներ, որոնց գոյութեան պատճառը Արարատէն մեզ բռնի կերպով հեռացնելու արհաւիրքն էր, ուխտել Արարատին գագաթէն` զայն կրկին հայութեան գիրկը վերադարձնելու…

22 տղաք ու աղջիկներ, մեծամասնութեամբ` ՀՄԸՄ-ականներ, անձնական նախաձեռնութեամբ, հայու եւ միութենականի որոշումով, մէկուկէս միլիոն նահատակներէն փոխանցուած սրբազան պատգամին հաւատարիմ` 11 յուլիսին երազի մը իրականացման վկաները եղան ու Եռագոյնն ու ՀՄԸՄ-ի դրօշը բարձրացուցին Արարատի սէգ գագաթին` իրենց այս արարատագնացութիւնը նուիրելով Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան եւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան զոյգ պանծալի առիթներուն: 

Այս առիթով «Ազդակ» իր յարկին տակ հիւրընկալեց Լիբանան գտնուող լեռնագնացները, իսկ բացականերէն ոմանք իրենց տպաւորութիւնն ու զգացումները փոխանցեցին գրաւոր (դիմումը յղուեցաւ բոլորին): «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ ծաւալած շուրջ երկու ժամուան զրոյցին իրենց ներաշխարհին ալեկոծումները, գոհունակութիւն եւ ընդվզում պատճառած պահերը, յիշարժան դէպքերը, Արարատին վրայ իրենց կեցութեան իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն բաժնեկցեցան Արտա Զէյթունլեան, Պետիկ Գասպարեան, Մենար Պոյաճեան, Բեկոր Եագուպեան,  Աննա Քէօմպէճեան եւ Կասիա Դիմիճեան:

Նման ծրագիր մը կեանքի կոչելու միտքը միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է այս խմբակին զանազան անդամներուն մօտ, անոնք բոլորն ալ փափաքը ունեցած են օր մը Արարատ բարձրանալու, ուրիշներ` Ռուբէն Նալպանտեանը (2010-ին), Պետիկ Գասպարեանն ու Կարինէ Սիսեռեանը (2012-ին) արդէն իսկ ապրած էին այս աննման փորձառութիւնը: Զուտ անձնական նախաձեռնութեամբ, շուրջ 7 ամիս առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին առիթով խումբով Արարատ բարձրանալու գաղափարը ծնունդ առած էր, կամաց-կամաց սկսած էր բիւրեղանալ, իրականութիւն դառնալու պարունակին մէջ մտնել եւ անհրաժեշտ դասաւորումները կատարուած էին:

Հիմնական նպատակը անակնկալ ընելն էր, իսկ ատիկա իրականացնելու համար գաղտնապահութիւնը կարեւոր էր, եւ այդ պատճառով նոյնիսկ կարգ մը անձերու ընտանիքի անդամները տեղեակ չէին այս ծրագիրէն, խորքին մէջ` իւրաքանչիւր ընտանիքէ միայն մէկ անդամ լուր ունէր, այդ ալ որովհետեւ անոնք առարկաներ փոխադրած եւ համապատասխան դասաւորումներ ըրած են:

Արտա Զէյթունլեան ըսաւ. «Երբ Ռուբէնը ինծի կապուեցաւ, չեմ գիտեր եթէ Լիբանանէն ուրիշներու կապուած էր, ըսաւ, թէ կ՛ուզէ յաջողցնել ծրագիր մը` Հայաստան երթալու, հոնկէ ուղղուելու Արարատ եւ լեռը բարձրանալու: Նախորդ տարուան նոյեմբերի աւարտ կամ դեկտեմբերի սկիզբ էր: Չեմ գիտեր ո՛վ որո՛ւ լուր տուաւ, բայց բոլորս համոզուած էինք, որ պէտք է գաղտնաբար շարժէինք: Այդ պատճառով ալ մասնակիցներու շրջագիծը չկրցանք ընդարձակել, շատեր կ՛ուզէին մասնակցիլ, բայց չկրցան, որովհետեւ տեղեակ չեղան, ուրիշներ ներգրաւուած էին, տարբեր պատճառներով չշարունակեցին:  Վերջաւորութեան խմբակի անդամներուն թիւը եղաւ 22»:

Աննա Քէօմպէճեան ըսաւ. «Պետիկին երկրորդ մագլցելուն շատ խանդավառուեցայ, եւ որոշեցի ես ալ օր մը բարձրանալ Արարատը` հօրս յիշատակին: Թուականը սերտուած էր այնպէս, որ բոլորին յարմար ըլլայ, մանաւանդ որ կար կարեւոր թիւ մը, որ ՀՄԸՄ-ի Արարատեան կարգին եւ Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումին պիտի մասնակցէին, ուստի մէկ քարով երկու թռչուն որսացած եղանք»:

Պետիկ Գասպարեան, որ լաւապէս տեղեակ էր անցուդարձերէն, նշեց. «Նկատի ունենալով, որ լեռը բարձրացած եմ նախապէս, ծանօթ էի, թէ ինչպէ՞ս է ընթացքը: Իւրաքանչիւր լեռ բարձրանալէս ետք շատեր հարց կու տային, թէ ինչպէ՛ս է այս փորձառութիւնը, եւ միշտ ալ խանդավառութեամբ կը լեցուէին: Միշտ ալ կար այն փափաքը, որ օր մը Արարատ բարձրանալու փափաք ունեցողներու խմբակով մը հասնինք գագաթ: Հաստատեմ, որ այս ծրագիրը ընկերներով սկսաւ, ընկերաբար շարունակուեցաւ եւ իր աւարտին հասաւ այդպէս, ոչ մէկ պաշտօնական հանգամանք կար: Շուրջ 10 երկիրէ աւելի էինք, մեր մէջ կային նաեւ ոչ ՀՄԸՄ-ականներ: Կատակով սկսած ծրագիր մըն էր, որ իրականութիւն դարձաւ, նախ յառաջացաւ կորիզ մը, որ քիչ մը ընդլայնեցաւ, եւ յառաջացաւ խմբակ մը: Ըսեմ, որ խումբին մէջ կային անձեր, որոնք փոքր լեռ նոյնիսկ չէին բարձրացած, սակայն, ինչպէս իւրաքանչիւր հայ, փափաք ունէին Արարատ բարձրանալու: Այսպէս սկսաւ ծրագիրը միս ու ոսկոր առնել, քիչ-քիչ աւելի լրջանալ. մեր միջեւ եղած զրոյցներուն ընթացքին անդրադարձանք, որ մեր բարձրանալու թուականը հեռու չէ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի եւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններէն, ուստի որոշեցինք այս լեռնագնացութիւնը նուիրել այս զոյգ առիթներուն, մանաւանդ որ գրեթէ բոլորս ՀՄԸՄ-ի մէջ հասակ առած ու դաստիարակուած խմբապետներ էինք. միութենականներուս համար ալ կարեւոր էր, որ Եռագոյնը պարզենք Արարատի գագաթին` Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով:

«Նախ մտածեցինք, որ իւրաքանչիւրը իր երկրէն ուղղուէր Թուրքիա, հոն համախմբուէինք, սակայն նկատի ունենալով Թուրքիոյ քաղաքական-ապահովական խառն վիճակը, որոշեցինք Հայաստան հանդիպիլ եւ ցամաքի ճամբով` Վրաստանի վրայով անցնիլ Թուրքիա»:

Անոնք պատմեցին. «Յուլիս 8-ին հաւաքուեցանք Հայաստան, ուր Պետիկը տեղեկացուց, որ անպաշտօն կերպով ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն պարզած է մեր ծրագիրը` նշելով, որ  եթէ կրցանք յաջողութեամբ բարձրանալ Արարատը եւ հոնկէ բերել ջահ մը, հաւանաբար կարելի կ՛ըլլայ միացնել ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներուն շիրիմներէն եւ Հայոց ցեղասպանութեան Նահատակաց մատուռէն վառած ջահերուն, որոնցմով պիտի կատարուէր մեկնարկը ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի նախաձեռնութիւններուն: Ըսինք, որ եթէ յաջողինք, կը բերենք ջահը, կը յանձնենք ձեզի, եւ վարչութեան կը մնայ տնօրինել, թէ ի՞նչ պիտի ընէ:

«Յուլիս 9-ին առաւօտ կանուխ ճամբայ ելանք  Վրաստանի ճամբով դէպի Թուրքիա (պատմական Հայաստան): Սահմանին վրայ թուրք զինուորներէն մէկը Կասիային հարցուց, որ այդ ցօղը ինչի՞ համար է. նախապէս որոշած էինք ըսել, թէ Վրաստանի մէջ լեռ բարձրացած ենք: Այդպէս ալ ըրինք:  Թուրքիոյ սահմանը անցնելէ ետք մեզի ընկերացաւ այն քիւրտը, որ նաեւ մեզի հետ Արարատ պիտի բարձրանար եւ որ ծանօթ էր այն տղոց, որոնք նախապէս բարձրացած էին Արարատ: Հասանք Կարս, ճաշի դադարէն ետք մեր քիւրտ առաջնորդը առաջարկեց պտտցնել Կարսի մէջ: Կարսի հայկական եկեղեցին արդէն հեռուէն նշմարելի էր, բոլորս խանդավառ էինք, որ հայկական եկեղեցին պիտի տեսնենք: Նախքան մեր հասնիլը, արդէն անոր շուրջ տեսանք բազմաթիւ մզկիթներ. մեծ եղաւ մեր զարմանքը, երբ մեր առաջնորդը ըսաւ, որ ատիկա մզկիթ է, պէտք է մեր կօշիկները հանենք եւ գլուխները ծածկենք, որպէսզի մտնենք… կառոյցով հայկական, սակայն մզկիթի վերածուած այդ կառոյցը, զոր տեսնելու անհամբերութիւնը արդէն ծանր յուսախաբութեան վերածուեցաւ յանկարծ: Եկեղեցւոյ վրայէն խաչը վերցուած էր, հազիւ հասանք` իրենց նամազը սկսաւ… Ոմանք զայրացան, մերժեցին մտնել, ուրիշներ չուզեցին իրենց գլուխները ծածկել»:

Պետիկ Գասպարեան յայտնեց, որ ինք նախապէս տեսած էր մզկիթի վերածուած այդ հայկական եկեղեցին եւ փափաքն էր, որ իր ընկերներն ալ տեսնեն: «Յաճախ կը լսենք, որ մեր եկեղեցիները պղծած են, մզկիթի վերածած, սակայն երբեք իսկապէս չենք տեսած: Կ՛ուզէի, որ գետնի վրայ տեսնենք իսկութիւնը, ատոր համար ալ քաջալերեցի ընկերներս մտնելու, ականատես դառնալու մեր արժէքներուն նկատմամբ թուրքերուն կատարածին, իսկ աւելի ուշ պատմելու, թէ իրենք ի՛նչ տեսան ու ի՛նչ զգացին», ըսաւ Պ. Գասպարեան: Կասիան աւելցուց, որ տակաւին չէին հաւատար նման բանի, սակայն հազիւ եկեղեցի մտած, արդէն նկատեցին, որ դիմացը խորան չկար, փակուած էր, ոսկեգոյնով «Ալլահու աքպար» գրուած էր: «Երբ ասիկա տեսանք, արդէն շատ արագ դուրս ելանք», ընդգծեց ան: Ըստ Աննա Քէօմպէճեանի, շատ նեղացուցիչ էր այն զգացումը, որ քուկդ է այդ եկեղեցին, սակայն դուն հոն օտար ես, հոն հիւր ես, այդ ալ` թուրքերուն մօտ:

Լեռնագնացները շարունակեցին` մէկը միւսին միտքը ամբողջացնելով. «Մեր առաջնորդը յաւելեալ տեղեկութիւն տուաւ մեզի Կարսի մասին, ըսաւ, որ եկեղեցւոյ ճիշդ դիմաց գտնուած գետին միւս կողմը ժամանակին կը նկատուէր հարուստ հայերու թաղ, ան մեզի տարաւ հոն, նաեւ գացինք ու տեսանք Եղիշէ Չարենցի տնակը, որ փլատակ է, խոտեր ծաղկած են, անխնամ վիճակի մէջ է: Նախապէս հայկական եղած  թաղամասերը, շէնքերուն ճարտարապետութիւնը ուղղակի կը յիշեցնէին Գիւմրին: Ապա ուղղուեցանք դէպի 1001 եկեղեցիներու քաղաք Անի, որուն պարիսպին վրայ ծածանող թրքական դրօշակը արդէն ցնցեց մեզ, թէեւ շատ նկարներ տեսած ենք, սակայն իրականութեան դէմ յանդիման ըլլալը տարբեր է: Հոն ալ կար եկեղեցի մը, որ յարաբերաբար  ընդունելի վիճակի մէջ էր, սակայն արդէն մզկիթի վերածուած էր, միւսները կիսաքանդ վիճակի մէջ էին, քանի մը քար վրայ-վրայի, ինչ որ յուզիչ էր, «որովհետեւ կը մտածես, որ մեր պապերուն հետքն իսկ քիչ-քիչ կ՛անհետանայ, նաեւ այն, որ ժամանակին որքան մեծ թիւով հայեր ապրած են հոն, կառուցած են, սակայն հիմա կատարեալ ամայութիւն է», ըսաւ Արտա Զէյթունլեան: Թէեւ Անիի մէջ գտնուելով կը զգաս, որ ամէնուրեք եկեղեցի է, իսկապէս եկեղեցիներու քաղաք եղած է, սակայն այսօր փլատակ է ամէն տեղ, այդ գեղեցիկ եկեղեցիներէն պատ մը, սիւն մը մնացած է պարզապէս»:

Մենար Պոյաճեան պատմեց, որ երբ Անիի մէջ կը գտնուէին միւսներէն աւելի մեծ եկեղեցւոյ մը մէջ, որուն գմբէթը գոյութիւն չունէր, ընդվզեցուցիչ դէպք մը պատահած է: «Կային զբօսաշրջիկներ, որոնց հետ բնականաբար կար առաջնորդ մը, որ կը բացատրէր եկեղեցւոյ պատմութիւնը: Ես բաւական թրքերէն կը հասկնամ, սակայն կան բառեր, որոնք անծանօթ են ինծի. կրցայ հասկնալ այն, որ այդ առաջնորդը պատմութիւնը իր տեսակէտէն կը ներկայացնէ զբօսաշրջիկներուն` ըսելով, թէ այդ տարածքը թրքական եղած է միշտ, սակայն նկատի ունենալով, որ հայեր ապրած են հոն, եկեղեցի կառուցած են: Այդ առաջնորդը նաեւ ոչ մէկ յարգանք ունէր եկեղեցւոյ նկատմամբ, ձեռքը ծխախոտ, անճիշդ բացատրութիւններ կու տար, նաեւ քիչ անդին եկեղեցւոյ մէջ կային գործաւորներ, որոնք նստած խրախճանք կ՛ընէին կարծէք: Մեր առաջնորդը ծանօթ էր միւս առաջնորդին, ուստի անկէ խնդրեց, որ մեզի եւս բացատրութիւն տար: Այս անգամ բացատրութիւնը հայկական թեքում ունէր եւ անգլերէնով էր: Երբ աւարտեց, մեր առաջնորդին ըսի, թէ շնորհակալ եմ, որ այս խնդրանքը ըրաւ, սակայն բոլորս ալ գիտենք, որ միւս զբօսաշրջիկներուն որքան աղաւաղուած, թրքական տարբերակը եղող պատմութիւնը կը ներկայացնէր, իսկ մեզի` այլ: Ան պատասխանեց, որ իրաւունք ունիմ, սակայն ասիկա առաջնորդին գործն է, ոչ հայ զբօսաշրջիկներուն այլ բան կը պատմէ, մեզի` այլ»: Պետիկ աւելցուց, որ նոյն առաջնորդին հետ նման փորձառութիւն մը ունեցած է, վիճած է հետը` մանաւանդ այն սուտին համար, որ հայերը մէկ գիշերուան մէջ լքեցին իրենց հողերը. Պետիկ պնդած է, որ ինչ ալ ըլլայ պատճառը, ազգ մը այդքան դիւրին չի հեռանար իր պապենական հարազատ հողերէն, այլ իրողութիւնը այն է, որ բռնագաղթի ենթարկուեցան անոնք, ուժով քշուեցան:

«Գիշերեցինք Տողու Պայազիտ ու առտու կանուխ ուղղուեցանք դէպի մեր լեռը` Արարատ: Հետաքրքրական էր այն պահը, երբ Արարատը իր վեհութեամբ կանգնած է մեր դիմաց, իսկ այս անգամ փոքր Մասիսը կը նախորդէր Մեծին»:

Պատասխանելով «Ազդակ»-ի այն հարցումին, որ արտօնութիւն առա՞ծ էին լեռ բարձրանալու` Պետիկ Գասպարեան ըսաւ. «Խորքին մէջ ներկայիս արգիլուած է Արարատ բարձրանալ, բայց ես առաջնորդին ծանօթ էի, անոր հետ մնայուն կապի մէջ էի, եւ ան կը հաստատէր, որ լեռ բարձրացող կայ: Պետական մարմինները լաւապէս գիտէին, որ հայեր կամ օտարներ կու գան Արարատ բարձրանալու, սակայն արտօնութիւն չտալով հանդերձ, արգելք ալ չէին ըլլար: Իսկ քիւրտ առաջնորդն ու անոր օգնականները ասիկա ուղղակի գործի վերածած են, գիտեն ճամբաները, լերան առնչուած ամէն մանրամասնութիւն, մագլցելու օրէնքները եւ այլն»: Խումբին առաջնորդը ըսած է, որ 13 տարիէ Արարատ կը բարձրանայ, գոնէ 200 անգամ հասած է գագաթ:

Մասնակցողներ`

Պետիկ Գասպարեան – Լիբանան
Մենար Պոյաճեան – Լիբանան
Աննա Քէօմպէճեան – Լիբանան
Կասիա Դիմիճեան – Լիբանան
Թամար Քէշիշեան – Լիբանան
Բեկոր Եագուպեան – Լիբանան
Սեւակ Տէմիրճեան – Լիբանան
Սարին Ճըղըլեան – Լիբանան
Արտա Զէյթունլեան – Լիբանան
Ռազմիկ Արոյեան – Շուէտ
Ռոզալիա Յարադուրեան – Շուէտ
Անի Էքմէքճեան – Միացեալ Նահանգներ
Դալար Գալստեան – Միացեալ Նահանգներ
Աստղիկ Յարութիւնեան – Միացեալ Նահանգներ
Կարինէ Սիսեռեան – Ֆրանսա
Նայիրի Շիրուանեան – Իրան
Րաֆֆի Հասերճեան – Քանատա
Միքայէլ Նալպանտեան – Ուրուկուէյ
Գրիգոր Սահակեան  – Երուսաղէմ
Վիգէն Մինասեան – Յունաստան
Արթուր Ղազարեան – Գերմանիա
Գագիկ Ղազարեան – Զուիցերիա
Ռուբէն Նալպանտեան – Գերմանիա – Թէեւ չկրցաւ միանալ արշաւին

(ՇԱՐ. 1)