Թուրքիոյ Մէջ Ծեծած են Ազգայնական Կուսակցութեան Առաջնորդը Հայ Անուանողը

Աշխարհ

Թուրքիոյ մէջ «հայ» բառը իբրեւ վիրաւորանք ընկալելու հետեւանքով՝ տեղի ունեցած է հերթական վիճաբանութիւնը, որ ուղեկցուած է ծեծկռտուքով: Միջադէպը, ըստ Ermenihaber.am-ւի, տեղի ունեցած է  Թուրքիոյ «Ազգայնական շարժում կուսակցութեան» (MHP-ԱՇԿ) Ալանիա քաղաքի տարածքային կառոյցի ղեկավար Մուսթաֆա Թիւրքտողանի եւ Թուրքիոյ թռիչքուղիներու  ընկերակցութեան Ալանիայի մասնաճիւղի ղեկավար Մեթին Աքտենիզի միջեւ:

Ալանիոյ մէջ տեղի ունեցած հանրային ձեռնարկի մը ժամանակ՝ Թիւրքտողան մօտեցած եւ ապտակած է Աքտենիզը, անոր համար, որ վերջինս Twitter-ի մէջ «համարձակած էր»  ազգայնական կուսակցութեան առաջնորդ Տէվլէթ Պահչելիին հայկական ծագում վերագրել:

Այս միջադէպէն կարճ ժամանակ անց՝ Թուրքիոյ թռիչքուղիներու ընկերակցութիւնը յայտարարած է Աքտենիզլին Ալանիայի մասնաճիւղի ղեկավարի պաշտօնէն զրկելու մասին:  Ընկերակցութեան յայտարարութեան մէջ յստակ նշուած է, որ պաշտօնազրկման պատճառը Աքտենիզլիի գրութիւնն է ու անոր հետեւանքով առաջացած աղմուկը:

Աքտենիզլին Տէվլէթ Պահչելիի մասին Twitter-ի վրայ ըրած էր հետեւեալ գրութիւնը.

«Ծնած է (Պահչելի-EH) 1948 թուականին Օսմանիյէ նահանգի Պահչէ շրջանին մէջ: Սիվերեքի հայերէն սերող ընտանիքի մը զաւակն է: Աւելի ուշ իսլամացած ընտանիքը Սիվերեքէն գաղթած ու հաստատուած է Պահչէի մէջ»: