«Խոստումը» Ֆիլմի Արտադրողն ու Քալիֆորնիայի Համալսարանի Ղեկավարը Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր Այցելած են

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Ազգային հերոս, մեծ բարերար Քըրք Քըրքորեանի մերձաւորագոյն բարեկամ, Ամերիկահայ յայտնի բժիշկ, ԱՄՆ Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիայի համալսարանի (UCLA) Տէյվիտ Կեֆընի անուան բժշկական քոլէճի համաղեկավար, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող հալիվուտեան «Խոստումը» ֆիլմի արտադրող, դոկտոր Էրիք Իսրայէլեան եւ Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիայի համալսարանի ղեկավար, կենսաբան, ակադեմիկոս Ճին Պլոք այսօր՝ Սեպտեմբեր 20-ին, այցելած են Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

ՀՀ նախագահի մամուլի գրասենեակին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ անոնք ծանօթացած են ցուցադրութեան, դիտած՝ ցուցանմուշները: Այնուհետեւ՝ Յիշողութիւններու պուրակին մէջ՝ Էրիք Իսրայէլեան եւ Ճին Պլոք ջրած են «Խոստումը» ֆիլմի ստեղծագործական խումբին կողմէ 2017-ին տնկուած եղեւնին: