Հայ-թրքական Արձանագրութիւնները Մեր Օրակարգին Վրայ Չեն եւ Պիտի Չըլլան. Թուրք Պաշտօնեայ

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Վոլքան Պոզքըր՝ Պաքու կատարած պաշտօնական այցին ընթացքին՝ յայտարարած է, որ յանձնաժողովը հայ-թրքական արձանագրութիւնները օրակարգի վրայ պիտի չբերէ:

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ թրքական ԶԼՄ-ներու հարցերուն պատասխանելով՝ Պոզքըր հայ-թրքական արձանագրութիւններուն վերաբերեալ ըսած է. «Քանի դեռ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահը ես եմ, հայ-թրքական արձանագրութիւնները յանձնաժողովի օրակարգի վրայ չեն ու պիտի չըլլան»:

Պոզքըր անդրադարձած է նաեւ ԼՂ հիմնախնդիրին, նշելով, որ անիկա եղած է ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու հետ հանդիպումներու օրակարգին վրայ: Ընդգծելով, որ ԼՂ խնդիրը Թուրքիոյ համար առաջնային հարց է, ան  յիշեցուցած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի խօսքերը, որ «քանի դեռ ԼՂ հիմնախնդիրը լուծուած չէ, Թուրքիան Հայաստանի հետ սահմանը պիտի չբանայ»:

Այս թեմայով Ermenihaber.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ թրքագէտ Անահիտ Վէզիրեան նշած է, որ թուրք գործիչի յայտարարութիւնը թէեւ ժամանակավրէպ է եւ որեւէ կարեւորութիւն չի ներկայացներ, բայց կ՝ընդգրկէ այն ուղերձը, որ Թուրքիան մէկ անգամ եւս կը շեշտէ, որ դեռ ցանկութիւն չունի Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու:

«2009 Հոկտեմբեր 10-ին, Զիւրիխի մէջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկկողմ յարաբերութիւնները առանց նախապայմաններու կարգաւորելու մասին ստորագրուած արձանագրութիւնները պէտք է վաւերացուէին երկու երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ: Ըստ ընթացակարգին՝ նման փաստաթուղթերը պէտք է քննարկուին խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ, ապա միայն ներկայացուին խորհրդարան: Այս պարագային այդ յանձնաժողովի նախագահ Վոլքան Պոզքըրի արձանագրութիւններուն վերաբերեալ յայտարարութիւնը կարեւոր կրնար ըլլալ, եթէ անիկա ժամանակավրէպ չըլլար:

Խնդիրը այն է, որ Մարտ 1-ին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարած էր, որ Հայաստան կը չեղարկէ հայ-թրքական արձանագրութիւնները: Ասիկա կը նշանակէ, որ այդ արձանագրութիւնները այլեւս որեւէ իրաւական նշանակութիւն չունին, քանի որ կողմերէն մէկը, այս պարագային Հայաստանը, հրաժարած է գործընթացէն, միւսի՝ արձանագրութիւնները կեանքի կոչելու համար նախապայմաններ ներկայացնելուն պատճառով»,- ըսած է Անահիտ Վէզիրեան:

Թրքագէտը ուշադրութիւն հրաւիրած է նաեւ այն հանգամանքին վրայ, թէ թուրք պաշտօնեան չէր կրնար նման յայտարարութիւն ընել՝  անտեղեակ ըլլալով, որ Հայաստանը ետ կանչած է իր ստորագրութիւնը արձանագրութիւններէն եւ անոր բերած հետեւանքներէն: Ուստի, ասիկա, ինչպէս նաեւ այն, որ յայտարարութիւնը եղած է Պաքուի մէջ, թոյլ կու տան եզրակացնելու, որ Պոզքըրի խօսքերը ուղղուած եղած են ատրպէյճանական լսարանին: