Լեռնականներուն Շուրջպարը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Աւետիս Ռազմիկ

(ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

Լեռներու զաւակներ էին անոնք. լեռնաշղթաներու որդիներ:

Քրտական հրոսակախումբերու, օսմանեան եաթաղանին, թաթարական խուժանավարի ոտնձգութիւններուն դէմ, առաջինը լեռնցիները պարզեցին ըմբոստացման դրօշը: Կամակոր, աներեր եւ չարքաշ նկարագիրով, անոնք չկրցան հեզօրէն հանդուրժել սանձարձակութեան սովոր թշնամիներուն քմահաճոյքները եւ վերջապէս տուին պատասխանը գոռոզներուն` այն լեզուով` որմէ կը հասկնային անոնք:

Տարօն աշխարհէն Սասուն ու Շատախ, Տաւրոսեան լեռներ` Զէյթուն, Ֆռնուզ, Հաճըն, Արցախ թէ Զանգեզուր, Սիւնեաց աշխարհ թէ Ամանոսեան լեռներ եղան մէկական օճախներ լեռնորդիներու սխրագործութեանց:

Որմէ՞ ժառանգած էին անոնք` լեռներու թիկնած ազատասիրութեան ոգին. ո՞վ էր լեռնասիրութեան առաջին նահապետն ու ռահվիրան: Դառնանք մեր ակունքներուն. այն աւանդավէպին` որ պատմութիւն է եւ դաստիարակութիւն միանգամայն: Հայկ նահապետ ընդվզելով Բելի ճնշումներէն, լքեց իր բնակավայրը եւ անցնելով հիւսիս` լեռնաշխարհ, զայն դարձուց հայրենիք եւ ուրեմն` հայոց հայրենիք:

Մուսա լերան որդիները, Կիլիկիոյ հարաւը, իրենց ապառաժներուն ու կածաններուն ապաւինած, Հայոց Ցեղասպանութեան ողբերգական շրջանին, գերբնական մարտնչումով կերտեցին հերոսական մէկ էջը հայոց մարտական պատմութեան:

Երբ համատարած տարագրութիւն էր, որուն հետեւանքով հարիւրաւոր քաղաքներ, աւաններ, գիւղեր դարձան լքաւեր, ոչնչացան քարտէզէն, քանի մը անուններ միայն առանձնացան, որոնք զէն ի ձեռին կասեցուցին թշնամիին սադայէլական ծրագիրը: Մինչ այդ աննշան անուններ շուտով մեծցան` եղան խորհրդանիշեր ազատութեան եւ հերոսութեան: Դարձան հանրաճանաչ` երբ չնմանեցան միւսներուն` որոնք գլխիկոր քշուած էին կառափնարան թէ անապատ:

Մուսա լերան քառասուն օրերը եղան դիւցազնամարտի մը կենդանի եւ ոգեւորող պատմութիւնը: Միջազգային եւ ազգային գրականութեան օրինակելի նիւթ: Փոքրին անպարտելիութիւնը` վիթխարիին դիմաց:

Արդարեւ, անոր ըմբոստացումը ինքնեկ պոռթկում մը չէր: Անոր նախադրեալները պէտք է փնտռել հնչակեան յեղափոխական Աղասիի դէպի Կիլիկիա առաքելութեան մէջ, որ յատուկ յանձնարարականով նպատակ ունէր Կիլիկիան նախապատրաստել, զինել եւ դարձնել անհնազանդ շրջան` ընդդէմ օսմանեան իշխանութեանց: Աղասիի ոտնահետքերը Կիլիկիոյ ոստաններ` մինչեւ Զէյթուն ուղին հարթեցին ազգային մարտական զարթնումին: Հնչակեան Կուսակցութեան հեռագնայ ծրագիրն էր այդ, որուն արձագանգները լսուեցան 1915-ի Մուսա լերան ինքնապաշտպանութեան օրերուն:

Բուռ մը հայոց 40-օրեայ գոյապայքարը, փրկութիւնը ֆրանսական յածանաւերով, ապա վերադարձը արդէն որպէս զինուորներ` Դաշնակից ուժերու շարքերուն, կը վկայեն թէ մարտնչող ժողովուրդներ օժտուած կþըլլան վերապրումի գերմարդկային ուժականութեամբ: Այս առումով Մուսա լերան դրուագը յար ու նման է հայոց ընդհանուր պատմութեան` խտամփոփ տողերով:

2018.- Վաղը` Երեւան-Էջմիածին ճանապարհին վեր խոյացած Մուսա լերան հերոսամարտի յուշակոթողին յարակից, լեռնորդիներուն թոռներն ու ծոռերը շուրջպար բռնած, ուժգին դոփիւններով պիտի ոգեկոչեն իրենց հերոսական անցեալը: Այս անգամ, Կիլիկիոյ Մուսա լերան փոխան` Հայաստանի Մուսա լեռն է որ կը խլրտայ, կþոգեվառի, օճախները կը մխան, սերունդները կը խայտան:

Աւանդութեան ունկնդիր` բոլոր վերապրող աշխարհացիր մուսալեռցիներուն ուխտի վերանորոգման խորհուրդն է սա, մատաղի բաշխումը` հաւաքական կեանք ու ճակատագիր: Որովհետեւ` 1915-ին մոսին-հրացաններով, միացեալ ճիգերով, ուսանելի կարգապահութեամբ, բարոյական բարձր ոգիով, չընկրկելու հաւաքական վճիռով զսպեցին ոսոխին գերակայ ուժերը: Անոնք պանծացուցին հայոց զինեալ պայքարին փառահեղ պատմութիւնը:

1915-ին, լեռնականները յաղթանակի որոշումով շուրջպար կը պարէին. եւ անոնք անմահ են տակաւին շուրջպար պարողներով… քանի անոնց շուրջպարը զէնք ու զրահով էր…

Փա՛ռք Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակներու յիշատակին:

«Արարատ» օրաթերթ (Լիբանան)