Բակօ Սահակեան Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 27-րդ Տարեդարձին Առիթով

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-րդ տարեդարձին առիթով:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ուղերձին մէջ նշուած է.

«Արցախի ժողովուրդին, իշխանութիւններուն եւ անձամբ իմ անունով ի սրտէ կը շնորհաւորեմ Ձեզ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-րդ տարեդարձին առիթով. տօն, որ թանկ ու յիշարժան է համայն հայութեան համար:

Մեծ է Ձեր անձնական աւանդը հայոց անկախ պետականութեան կերտման ու զարգացման գործին մէջ: Այս տօնական օրը կը մաղթեմ Ձեզ խաղաղութիւն, քաջառողջութիւն եւ մեծագոյն յաջողութիւններ՝ մեր հայրենիքի ու ժողովուրդի զարգացման ու բարգաւաճման, համազգային նպատակներու իրականացման ճանապարհին»: