Եռագոյն «ԵՌԱԳՈՅՆ»-ը Վեց Տարեկան է. «Ես Անկախ Եմ»

Հայաստան, Սփիւռք

Իւրաքանչիւր Սեպտեմբեր 21-ին, ԵՌԱԳՈՅՆ-ը անկախութեան տօնին զուգահեռ կը նշէ նաեւ իր ծննդեան տարեդարձը։ Վեց տարի առաջ՝ իբրեւ լրագրողներ՝ իւրաքանչիւրս ըսինք,-«Ես անկախ եմ», եւ հիմնեցինք Արեւմտահայերէն առաջին լրատուական կայքը, որ իր գոյներով դարձաւ կապող օղակ՝ Սփիւռքի բոլոր համայնքներու եւ Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ։

ԵՌԱԳՈՅՆ-ի իբրեւ «Կարմիր» կը հաւատամ, որ սիրով իրականացուած իւրաքանչիւր աշխատանք ո՛չ թէ գործ է այլ հաճոյք։ Այս վեց տարիներուն ընթացքին վայելած եմ Արեւելահայերէնով ներկայացուած Հայաստանեան իրադարձութիւնները ընթերցողներուն Արեւմտահայերէնով հրամցնելու բերկրանքը եւ անոնց հասանելի դարձուցած եմ Սփիւռքի լրատուամիջոցներէն քաղուած յօդուածներն ու գաղութային լուրերը։ Եւ հոգ չէ, թէ բոլոր  յօդուածները մերը չեն, կարեւորը, ԵՌԱԳՈՅՆ-ի միջոցով անոնք հնարաւորութիւն ունին հասնելու աւելի մեծ թիւով ընթերցողներու։

ԵՌԱԳՈՅՆ-ը՝ իր երեք գոյներով, իր երեք զիրար լրացնող գործընկերներով, շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր օրէ օր բազմացող ընթերցողներուն, որոնք կը գնահատեն իր աշխատանքը։ Ես իբրեւ «կապոյտ» խաղաղութեամբ ու հանգստութեամբ կը նայիմ բոլոր քննադատութիւններուն, մենք անթերի չենք, սակայն համոզուած ենք, որ նուիրական աշխատանք կը կատարենք։

ԵՌԱԳՈՅՆ-ի իբրեւ «Նարնջագոյն» ազատ խօսքի կողմնակից եմ, ազատութիւն, որ կը կառուցէ, ո՛չ թէ կը քանդէ, որ սխալը կը մատնանշէ ուղղելու եւ ո՛չ թէ «աչքը հանելու» համար, որ կը քննադատէ հասկնալով  պատճառները եւ ներկայացնելով լուծումներ։ «ԵՍ ԱՆԿԱԽ ԵՄ»

Տօնդ շնորհաւոր ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Տօնդ շնորհաւոր ԵՌԱԳՈՅՆ

ՄԵՆՔ ԱՆԿԱԽ ԵՆՔ