«Երկու Յովհաննէս՝ Երկու Մեծ Հայ» Ցուցահանդէսը Նուիրուած Է Քաջազնունիին Եւ Թումանեանին

Հայաստան

Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի եւ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակներուն նուիրուած ցուցադրութեան դէմ-դիմաց ներկայացուած են երկու մեծ հայերու ընդհանրութիւններուն եւ ճակատագրերու համընկնումներուն մասին պատմող ցուցանմուշներ՝ իբրեւ ընտանիքի հայրեր եւ զինուորներու: Այս մասին կը հաղորդէ “Արմէնփրես”-ը։

«Երկու Յովհաննէս՝ երկու մեծ հայ» խորագիրով բացօթեայ ցուցահանդէսին  բացումը կատարուեցաւ Սեպտեմբեր 18-ին, Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանին առջեւ:

«Անոնք լաւ բարեկամներ եղած են, սակայն շատ տարբեր բնաւորութիւններ ունեցած են: Անոնց ճակատագիրները շատ նման են՝ սկսած ծննդեան օրէն, մինչեւ մահ: Երկուքին հայրերն ալ քահանաներ էին: Անոնք մեծցած են Խաչատուր Աբովեանի գաղափարախօսութեամբ, երկուքն ալ ընդյատակեայ գաղտնի քաղաքական կազմակերպութիւններու անդամներ եղած են, ձերբակալուած են երիտասարդ տարիքին եւ ընտանիքի հրաշալի հայրեր եղած են»,- ըսած է թանգարանի տնօրէն Նարինէ Թուխիկեան:

Թուխիկեան յայտնած է, որ երկուքին համար ալ հայրենիքը գերագոյն արժէք էր:

«Անոնց կեանքի ողբերգական մասը սկսաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն յետոյ: Քաջազնունին մուտք գործեց քաղաքականութիւն: Թումանեան պաշտօններ չունէր, բայց անոր «պաշտօն»ը ամենաբարձրն էր. ան Ամենայն հայոց բանաստեղծն էր: Մինչեւ առաջին Հանրապետութեան ծնունդը ստանձնեց հայութեանն առաջնորդելու գործը, քանի որ այլ մէկը չկար: Իբրեւ քաղաքացի, Թումանեան շատ հզօր էր: Քաջազնունին ալ հզօր վարչապետ էր: Ան բացառիկ բարոյական կերպար էր, եւ Քաջազնունիէն ետք ես չեմ յիշեր որեւէ բարձրաստիճան պաշտօնեայ, որ այդքան բարոյական ըլլայ»,- շեշտած է թանգարանի տնօրէնը: