Թուրքիան Պիտի Շարունակէ Սուրիոյ Մէջ Պայքարիլ Քրտական Կազմաւորումներուն Դէմ․ Էրտողան

Աշխարհ

Անգարան պիտի շարունակէ Սուրիոյ մէջ պայքարիլ քրտական կազմաւորումներուն դէմ, որոնք ան իր անվտանգութեան համար սպառնալիք կը նկատէ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս յայտարարութիւնը կատարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւններէն ետք:

Էրտողան նշած է. «Ահաբեկիչներու կողմէ վերահսկուող տարածքները չեն սահմանափակուիր միայն Իտլիպ նահանգով»: Ան ահաբեկչական որակած է այն բոլոր կազմակերպութիւնները, որոնք սպառնալիք կը ներկայացնեն Թուրքիոյ համար:

«Նախ եւ առաջ, անոնք քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներն են. մենք նաեւ կը կարծենք, որ մեծ նշանակութիւն ունի, որ անհրաժեշտ է ազատագրել այդ տարածքները նաեւ Ժողովուրդներու պաշտպանութեան ջոկատներէն», ըսած է Էրտողան: