ՀՀ Զինուած Ուժերը եւ Պաշտպանութեան Բանակը Վստահօրէն Կը Վերահսկեն Սահմանին Տիրող Իրավիճակը. Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստան

Հայկական զինուած ուժերը եւ Պաշտպանութան բանակը վստահօրէն կը վերահսկեն սահմանին իրավիճակը: Այս մասին Սեպտեմբեր 18 ին «Ֆէյսպուք»էն ուղիղ եթերի ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Արցախէն Երեւան վերադարձի ատեն:

Փաշինեան Արցախի մէջ շատ կարեւոր քննարկումներ ունեցած էր՝ առաջնագիծի իրավիճակին վերաբերեալ: «Հակառակ որ առաջնագիծին վրայ վիճակը բաւական լարուած է, սակայն զայն կարելի է կայուն եւ վերահսկելի համարել: Յամենայն դէպս՝ ՀՀ զինուած ուժերը եւ ՊԲ-ն վստահօրէն կը վերահսկեն իրավիճակը»,- յայտնեց վարչապետը:

Փաշինեան նշեց, որ Արցախի նախագահին եւ բանակի ներկայացուցիչներուն հետ քննարկած է նաեւ Արցախի շուրջ ստեղծուած ընթացիկ վիճակը:

«Քննարկած ենք մեր դիրքորոշումները ԼՂ հարցի կապակցութեամբ, նաեւ ռազմաքաղաքական իրավիճակի վերաբերեալ քննարկումներ ունեցանք եւ յստակ արձանագրեցինք, որ այո՛, չկայ որեւէ կասկած, որ մեր Զինուած ուժերը վստահօրէն կը վերահսկեն իրավիճակը եւ անհրաժեշտ պատասխանը կու տան Ատրպէյճանի ԶՈՒ սադրանքներուն: Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ մենք պատերազմ կ՛ուզենք կամ պատերազմ կը հրահրենք: Մենք պատրաստ ենք խաղաղութեան եւ բանակցութիւններու: Ես եւ Արցախի նախագահը պատրաստ ենք խաղաղութեան, բայց նաեւ պատրաստ ենք պատերազմի: Այս վստահութիւնը հիմնուած է մեր Զինուած ուժերու եւ մեր ժողովուրդի վստահութեան վրայ»,- յայտնեց վարչապետը:

Փաշինեան պատմեց, որ այս այցելութեան ընթացքին ծանօթացաւ պայմանագրային զինուորի մը հետ, «որ 7 երեխայ ունէր, եւ 7 երեխայ ունենալով՝ ծովու մակերեւոյթէն մօտ 3000 մեթր բարձրութեան վրայ կ՛իրականացնէ մարտական հերթապահութիւն: Նաեւ ծանօթացայ սպայի մը հետ, որ 6 երեխայ ունէր: Ես սա կը համարեմ սեփական հայրենիքի ապագայի նկատմամբ ունեցած բացառիկ հաւատք եւ վստահութիւն: Համոզուած եմ, որ այդ հաւատքը հիմնուած է մեր ժողովուրդի հաւաքական դուխի եւ վստահութեան վրայ»: