Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Այցելած Է Արցախ

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Oգոստոս 25-ին Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ դիմաւորած է աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ հասած Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Այս մասին կը հաղորդեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը Oգոստոս 26-ին Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ քննարկած են պաշտպանութեան բանակի մարտունակութեան հետեւողական բարձրացման, Արցախի եւ Հայաստանի զինուորական փոխադարձ գործակցութեան եւ սահմաններու վրայ  տիրող իրավիճակին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումին մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու հրամանատար Արտակ Դաւթեան եւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան:

Փաշինեան եւ Սահակեան այցելած են պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութեան կեդրոն: Տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին  Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօրավար Լեւոն Մնացականեան ներկայացուցած է արցախեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ տիրող մարտավարական իրադրութիւնն ու բանակաշինութեան մարզին մէջ իրականացուող հոլովոյթներու պատկերը: