Միքայէլ Մանուկեանը` ՀՅԴ-ի Քաղաքապետի Թեկնածու

Հայաստան

Երեւանի աւագանիի` Սեպտեմբեր 23-ին նախատեսուած  արտահերթ ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի համամասնական ցուցակը պիտի գլխաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահպանութեան նախարարութեան Անտառային  կոմիտէի նախագահ Միքայէլ Մանուկեան: Լուրը «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան:

Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի կարգախօսը պիտի ըլլայ` «Միասին` յանուն Երեւանի»:

Նշենք, որ երկար տարիներ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախագահ Միքայէլ Մանուկեան նախապէս եղած է Ազգային ժողովի  պատգամաւոր:

Տակաւին երիտասարդ տարիներուն Միքայէլ Մանուկեան զինուորագրուած է հայոց ազատամարտին, ապա` ՀՅԴ-ի նկատմամբ քաղաքական բռնաճնշումներու տարիներուն ակնյայտ կեղծ մեղադրանքով բանտարկուած է, ապա` արդարացուած:

Ունեցած է կուսակցական աշխուժ աշխատանք` համակարգելով Դաշնակցութեան Հայաստանի կառոյցներու գործունէութիւնը: