Թրքական Ոստիկանութիւնը Փորձած Է Բերման Ենթարկել Կարօ Փայլանը

Աշխարհ, Սփիւռք

Օգոստոսի 25ին, Պոլսոյ Կալաթասարայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ցոյցի ժամանակ թուրք ոստիկանները բերման երթարկել պատգամաւոր Կարօ Փայլեանի վրայ:

 «Շաբաթ օրուան մայրեր»ու խումբի ցոյցին, ի թիւս այլ ընդդիմադիր պատգամաւորներու, կը մասնակցէր նաեւ Կարօ Փայլանը։

Ոստիկանները նախ բռնութիւն գործադրելով հեռացուցած են նստացոյցին մասնակցող կիները, ապա բերման ենթարկած ցոյցի միւս մասնակիցները, որոնք չեն ցանկացած հեռանալ հրապարակէն:

Կարօ Փայլան փորձած է պաշտպանել  Հրանդ Տինքի որդին` Արատ Տինքը, թոյլ չտալով զայն ձերբակալեն:

Փայլանի հետ միասին Արատ Տինքի ձերբակալութեան խոչընդոտած են ընդդիմադիր  Ժողովուրներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատգամաւորներէն Ահմետ Շըքը, Սերփիլ Քեմալպայը եւ Հիւտա Քայան:

Ոստիկանները ձերբակալած են ցոյցի 47 մասնակից, որոնց մէջ «Ակօս»ի նախկին գլխաւոր խմբագիր Ռոպեր Քոփթաշը։ Աւելի ուշ անոնք ազատ արձակած են:

«Շաբաթօրեայ մայրեր»ու ցոյցը տեղի կ՛ունենայ 1995-էն ի վեր ամէն շաբաթ օր: Անիկա  1980-90-ական թուականներուն քրտական շարժման`  կալանաւորուած,  անհետ կորած կամ քաղաքական սպանութիւններու զոհ դարձած մասնակիցներու մայրերու բողոքի ցոյցն է: