Արա Կիւլերի Նուրուած Թանգարանի եւ Արխիւի Կեդրոնի Բացում՝ Պոլսոյ Մէջ

Սփիւռք

“Ժամանակ”,- Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի աւանդը բառին բուն իմաստով կը յաւերժանայ Պոլսոյ մէջ: Ինչպէս ծանօթ է, Արա Կիւլեր ժամանակ մը առաջ «Տողուշ» խմբակին հետ համաձայնութեան հասած էր՝ իր արխիւը փոխանցելու եւ այդ հիման վրայ թանգարանային կեդրոնի մը ստեղծման ուղղութեամբ:

Ուրախառիթ է, որ այս ծրագիրը թեւակոխած է գործնական փուլ: Աշխատանքներն ալ բաւական արագ ընթացած են եւ անոնց հիման վրայ արդէն գործնական արդիւնք ապահովուած է: «Տողուշ» խմբակը Պոմոնթիի մէջ թանգարան մը եւ արխիւի կեդրոն մը հաստատած է Արա Կիւլերի համար: «Պոմոնթիատա» համալիրէն ներս ստեղծուած այս կեդրոնի պաշտօնական բացման արարողութիւնը Հինգշաբթի, Օգոստոս 16-ին տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ:

Պաշտօնական բացման արարողութիւնը զուգադիպեցաւ Արա Կիւլերի ծննդեան 90-ամեակի օրուան: Յոբելենական խանդավառ մթնոլորտի մէջ աշխարհահռչակ լուսանկարիչը հանդէս եկաւ ելոյթով մը: Արա Կիւլեր թէեւ անուասայլակի վրայ մասնակցեցաւ հանդիսութեան, սակայն զգալի էր, թէ իր տրամադրութիւնը բարձր էր: Որպէս տարեդարձի յուշանըւէր՝ իրեն յանձնուեցաւ «Ըսլըք Չալան Ատամ« անուն գիրքը: Այս գործը Արա Կիւլերի թանգարանին կողմէ հրատարակուած առաջին գիրքը կը հանդիսանայ:

Հանդիսութեան ընթացքին ունեցած իր ելոյթին ընթացքին Արա Կիւլեր բացատրեց, որ սեփական արխիւի ձեւաւորումը տեւած է երկար տարիներ: Ան անդրադարձաւ արխիւ ստեղծելու դժուարութիւններուն:

«Անատոլու» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ բացման հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցաւ «Տողուշ» խմբակի բարձր ղեկավար Հիւսնիւ Աքհան: Այս վերջինը յիշեցուց մշակոյթի եւ գեղարուեստի ոլորտէն ներս իրենց խմբակին կողմէ ապահովուած ձեռքբերումներուն եւ աւելցուց, որ Արա Կիւլերի արխիւ-թանգարանի պարագային մասնաւոր յուզում մը ապրած են:

Տեղական զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ լայնօրէն անդրադարձան Արա Կիւլերի թանգարանի բացման: Նորահաստատ համալիրէն ներս ներկայացուած են Արա Կիւլերի գործերը, ժապաւէնները, նոթագրութիւնները, անձնական իրերը, լուսանկարի գործիքները, մամլոյ քարտերը եւ նոյնպէս անձնական հաւաքածոյէն զանազան իրեր:

Վերջին ութ ամիսներու խտացեալ աշխատանքին հիման վրայ հաստատուած է Արա Կիւլերի թանգարանն ու արխիւի կեդրոնը:

Արա Կիւլերի արխիւը ունի անգնահատելի նշանակութիւն եւ այդ անկրկնելի գործերը մի առ մի երեւան բերուած են բազմակողմանի աշխատանքով: Թէ՛ թանգարանը եւ թէ ուսումնասիրութեան կեդրոնի մը ձեւաչափով ստեղծուած արխիւը ծառայութիւններ կը մատուցեն անվճար:

Leave a Reply