Թուրքիոյ Մէջ Իշխանութիւնները Կ՛անտեսեն Տերսիմի Մէջ Բռնկած Անտառային Հրդեհները

Աշխարհ, Էրկիր

Թուրքիոյ Տերսիմ (Թունճելի) նահանգի շարք մը շրջաններու մէջ արդէն 15 օրէ անտառային հրդեհները կը շարունակուին: Տեղական իշխանութիւները  չեն շտապեր որեւէ միջոց ձեռնարկելու: Բռնկած հրդեհներու դէմ չեն պայքարիր ո՛չ օդէն, ո՛չ ցամաքէն:

Ի դէպ,  այդ հրդեհները առաջացած են ոչ թէ եղանակային պայմաններու, այլ Թուրքիոյ զինուած ուժերու հրթիռակոծութիւններու հետեւանքով: Իսկ ինչպէս յայտնի է, Տերսիմի մէջ կան «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (ՔԲԿ-PKK) զինեալներ, որոնք Թուրքիոյ մէջ կը համարուին ահաբեկիչներ: Հաւանական է, որ Թուրքիոյ զինուած ուժերու թիրախը քիւրտ զինեալներն են:

Տեղի բնակիչները ստիպուած սեփական ուժերով կը պայքարին հրդեհներու դէմ: Խումբ մը բնակիչներ յաջողած են վերահսկողութեան տակ առնել հրդեհուած գօտիի մէկ մասը, բայց դեռ վտանգ կայ:

Դէպքի վայր մեկնած է Թուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան» (ԺԺԿ-HDP) պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ է Տիարպեքիրի պատգամաւոր Սալիհա Այտենիզը:

Leave a Reply