Սփիւռքի Նախարար Մխիթար Հայրապետեան Ընդունեց «Սուրիահայերու Միութեան» Ներկայացուցիչները

Հայաստան

Օգոստոս 21-ին Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց «Սուրիահայերու Միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները` նախագահ Ներսէս Քիւոն, խորհուրդի անդամներ` Խաչիկ Քազանճեանը, Արմէն Խորոզեանը, տիկնանց յանձնախումբի անդամներ` Վանի Նալպանտեանը, Եոլանտ Սապունճեան – Ռշտունը, գործադիր մարմնի անդամներ` Հրայր Մկրտչեանը, Մեղրի Քահվեճեանը:

Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան նախ ողջունեց ներկաները եւ իր ու կառավարութեան անունէն շնորհակալութիւն յայտնեց այն աշխատանքին համար, որ կ՛իրականացնէ «Սուրիահայերու Միութիւն»–ը: «Սուրիահայերու Միութեան» նախագահ Ներսէս Քիւոն մանրամասն խօսեցաւ այն աջակցութիւններուն մասին, որոնք եղած են սուրիահայ գործարարներուն համար` ցուցահանդէս-վաճառքներ, ցերեկոյթներ եւ այլն:

Կողմերը անդրադարձան նաեւ սուրիահայ գործարարներու խնդիրներուն, սուրիահայերու հայրենադարձութեան հարցին: 2013 թուականին  քանի մը սուրիահայ գործարարներու նախաձեռնութեամբ ձեւաւորուեցաւ «Սուրիահայ գործարարներու միութիւն» անուանումով խորհուրդը:

ՓՄՁ ԶԱԿ-ն անհատոյց տրամադրեց գրասենեակային տարածք, ուր ստեղծուեցաւ Հայաստանի մէջ սուրիահայերու կողմէ արտադրուած ապրանքներու ցուցադրական անկիւն եւ 150 սուրիահայ գործարարներու տուեալներու ցանկ: «Սուրիահայերու միութիւն»-ը իր հիմնադրման օրուընէ կը համգործակցի թէ սփիւռքի նախարարութեան, եւ թէ այլ պետական, ինչպէս նաեւ միջազգային, հասարակական կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու հետ:

Արդիւնաբերական գօտի ստեղծելու նախաձեռնութեան ընդառաջելով` 2017-ի Օգոստոսի համապատասխան որոշումով ՀՀ կառավարութիւնը` ՀՀ սփիւռքի եւ ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութիւններու միջնորդութեամբ, «Սուրիահայերու ﬕութեան” 5 տարի ժամկէտով անհատոյց օգտագործման տրամադրեց Կոմիտասի 49/3 հասցէին գտնուող շէնքի 2-րդ մասնաշէնքի 860.5 քառ. մեթր մակերեսով նկուղային եւ առաջին յարկի 649.2 քառ. մեթր մակերեսով տարածքները` գործարար ծրագիր իրականացնելու նպատակով:

2017-ի Դեկտեմբեր 5-ին Գերմանական միջազգային համագործակցութեան ընկերութեան (GIZ) կողմէ ստեղծուած www.syrarbi.am կայքէջը` իբրեւ Հայաստանի մէջ սուրիահայ փախստականներու տնտեսական համարկման հարցերու տեղեկատուական հարթակ, յանձնուեցաւ «Սուրիահայերու միութեան»` զայն կառավարելու, թարմացնելու, շահառուներուն ընկերութեան կողմէ թիրախային տեղեկատուութիւն տրամադրելու եւ շահագրգիռ կողմերուն միջեւ արդիւնաւէտ հաղորդակցութիւն ապահովելու նպատակով:

Leave a Reply