Հիմնական Նպատակը Միջին Արեւելքի Մէջ Արցախի Ճանաչողութիւնը Բարձրացնելն Է

Հայաստան, Սփիւռք

Յուլիս 20-22 Արցախ կը գտնուէին Միջին Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան եւ Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան:

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հիմնադրութեան 25-ամեակին առիթով հաւաքուած էին Արցախի բոլոր ներկայացուցչութիւններու պատասխանատուները: Արտաքին աշխարհին մէջ Արցախը ներկայացնողները շարք մը պաշտօնական հանդիպումներ ունեցած են, իրար լսելով, կարծիքներ փոխանակած եւ նախանշած յառաջիկայ գործունէութեան ուղղութիւնները:

Ըստ «Ազդակ»-ի՝ Միջին Արեւելքի մէջ Արցախի գրասենեակի պատասխանատուին փոխանցումով` ներկայացուցիչները յանձնարարական ստացած են  աշխատելու սփիւռքէն գործարարներու, առեւտրականներուն եւ ներդրողներու հետ, որոնց միջոցով Արցախի մէջ տնտեսական ներդրումներ պէտք է կատարուին: «Քաղաքական ներկայութենէ բացի մենք յաւելեալ ջանք պէտք է թափենք, որ տնտեսական ներդրողներ գտնենք եւ ճիշդ ձեւով ուղղորդենք զանոնք: Մենք ալ տեղեկութիւններ ստացած ենք, թէ ի՛նչ ծրագիրներ կարելի է իրագործել, ի՛նչ շրջաններու  մէջ, ի՛նչ պիւտճէով», նշած է Պետօ Տեմիրճեան` աւելցնելով, որ պիտի շարունակեն նաեւ գործունէութիւնը քաղաքական մարզին մէջ` Արցախի ճանաչում, պատուիրակութիւններու այցելութիւններ, լրագրողներու  այցելութիւններ, քոյր քաղաքներու հռչակում:

Ինչ կը վերաբերի մայիսին Մարտակերտ եւ Պուրճ Համուտ, Կովսական եւ Այնճար քաղաքներուն միջեւ կնքուած համագործակցութեան մասին համաձայնագիրներուն, ապա թէ՛ Այնճարի եւ թէ՛ Պուրճ Համուտի քաղաքապետները արդէն մէկական ճանաչողական այցելութիւններ  կատարած են դէպի Արցախ եւ կը քննարկեն գործնական մարզին մէջ  իրարու հետ աշխատելու ծրագիրները:

Պետօ Տեմիրճեանի կարծիքով` Արցախը կարելիութիւն ունի անուղղակիօրէն ճանչցուելու ճանաչողութեան մակարդակի բարձրացումով, որ  կը նշանակէ աշխատանք լրագրական շրջանակներու, քաղաքական, համալսարանական, տնտեսական միջավայրերու, քոյր քաղաքներու միջոցով: «Հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ Արցախի ճանաչողութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ բարձրացնելը, իսկ ճանաչումը, վստահաբար, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ներկայացուցչութիւններու աշխատանքի հիմնական ուղղութիւնն է», աւելցուցած է Պետօ Տեմիրճեան:

Leave a Reply