Լիզպոնեան Անքակտելի Եւ Թարմ Յուշեր

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Հայրենիք»-ի խմբագրական

Այդ օրերուն չկային ելեկտրոնային քարոզչական սարքեր:

Գոյութիւն չունէին, կամ աւելի ճիշդը` որո՞ւ միտքէն կ՛անցնէր, թէ Ֆէյսպուքը, Թուիթըրը, Ինսթակրամն ու ապագային ստեղծուելիք համակարգչային քարոզչական այլ կառոյցներ իրենց ուղղակի ազդեցութիւնը պիտի բանեցնէին կեանքի վրայ` յեղաշրջելով մշակութային, ընկերային թէ քաղաքական իրավիճակները:

Այսպէս, 27 յուլիս 1983-ին Արա Քրճըլեանը, Վաչէ Տաղլեանը, Սիմոն Եահնիեանը, Սեդրակ Աճեմեանը եւ Սարգիս Աբրահամեանը ժամանած էին «ճերմակ քաղաք»` Լիզպոն, սուրբ երազը իրականացնելու… տրամադրելով դեռ գարուններու մէջ թաւալող իրենց կեանքը:

Նախքան մեկնիլը` անոնք պատրաստած էին փոքր տեսերիզ մը, որ ցայսօր կը սփռուի, վերամշակուած ու վերաորակաւորուած, վերոյիշեալ քարոզչական միջոցներով:

Դժուար էր անոնց պարտականութիւնը: Արարքը ինքնին դժուար չէր «Հայ յեղափոխական բանակ»-ին զինուորագրուած գաղափարի այս մարտիկներուն համար: Անոնք համոզուած էին ՄԵԿՆՈՒՄԻՆ, սակայն մարտահրաւէր մը կար: Քաջատեղեակ էին, որ կրնան զոհը դառնալ հակաքարոզչական մեքենայի մը, որ այդ օրերուն «ահաբեկչութիւն» կոչեցեալ բացատրութեամբ կը վերլուծէին, կը վերագրէին եւ կ՛եզրակացնէին` յաւելեալ աղաւաղում եւ կեղծիք ստեղծելով, խաթարելով իրականութիւնն ու արդարութիւնը:

Այսպէս, Թուրքիոյ դեսպանատան գրաւումը եւ տղոց անձնասպանական արարքը ցնցած էր աշխարհը` եւ բացայայտած արդարութիւն մը` ի տես իրաւազուրկ ազգերու դարաւոր իրաւունքին, Խրիմեան Հայրիկի ոճով եւ կորովով:

Հաւանաբար շատ աւելի նախնական միջոցներով կատարուեցաւ 25 յուլիս 1897-ի Խանասորի արշաւանքին քարոզչական աշխատանքը, սակայն օրին, ինչպէս` 86 տարի ետք ալ, բծախնդիր ձեւով պատրաստուած էր` մանրամասնօրէն ներկայացնելով արարքին ետին գտնուող ծալքերը:

Լիզպոնի մէջ պատահածը աժան, անմեղ հոգիներ խլող արարք մը չէր, ոչ ալ` այդ օրերուն տիրող Պաղ պատերազմի մէկ տաք եւ ցնցում յառաջացնող դէպք: Նոյնիսկ տեղացիք լաւապէս հասկցած ու ընբռնած էին այս «հինգ խենթ»-երուն սուրբ նպատակն ու արձագանգող պոռթկումը` տեղահանուած եւ ջարդուած ժողովուրդի մը արդար ցասումին:

«Մահ իմացեալ անմահութիւն» էր Արայի, Վաչէի, Սիմոնի, Սեդրակի եւ Սարգիսի կարգախօսը: Այսօր, 35 տարի ետք, Լիզպոնի արարքը կը մնայ անմոռանալի վկայութիւն մը` հայ ազգային գաղափարախօսութեան, որ նուաճած է եւ դեռ ալ պիտի նուաճէ իմացեալ մահով անմահութիւնը:

Leave a Reply