Աւելի Քան 3000 Փախստական Լիբանանէն Սուրիա Վերադարձած է Վերջին Երկու Շաբթուան Ընթացքին

Աշխարհ

3000-էն աւելի փախստականներ Լիբանանէն Սուրիա վերադարձած են վերջին երկու շաբթուան ընթացքին: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած Է «ՌԻԱ Նովըսթի»-ն՝ վկայակոչելով ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան Փախստականներու ընդունման, բաշխման եւ տեղաւորման կեդրոնի տեղեկագիրը։

«Ընդամէնը 2018 Յուլիս 18-էն Լիբանանէն ժամանած է 3826 փախստական, ներառեալ՝ «Զեմրանի»-ի անցակէտով՝ 2846 մարդ եւ ինքնուրոյն «Ճէյտէթ-Եապուս» չսարքաւորուած անցակէտով՝ 980 մարդ, Յորդանանի տարածքէն «Նասիպ» անցակէտով վերադարձած Է 318 մարդ»,- ըսուած Է հաղորդագրութեան մէջ: Գերատեսչութեան ճշտուած տուեալներով՝ 2018 Յուլիս 28-էն «Ճէյտէթ-Եաբուս» (Զեպետանի) չսարքաւորուած անցակէտով ինքնուրոյն ժամանած է 832 մարդ (257 կին, 392 երեխայ): Փախստականներու տեղափոխութիւնը իրականացած է Լիբանանի ՆԳ նախարարութեան աշխատակիցներու ուղեկցութեամբ մինչեւ սուրիական Պէյթ-Ճին:

Ընդհանրացուած տուեալներու համաձայն, 45 պետութիւններու տարածքին կը գտնուի 7 միլիոն 156 հազար 987 արձանագրուած սուրիացի փախստական. անոնցմէ 2 միլիոն 70 հազար 979-ը կանայք են եւ 3 միլիոն 520 հազար 665-ը՝ երեխաներ:

 

Leave a Reply