Վարչապետ Փաշինեան Եւ Նախագահ Մաթարելա Քննարկեցին Հայ-Իտալական Յարաբերութիւնները

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Յուլիս 31-ին, ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Վարչապետ Փաշինեան՝ ողջունելէ ետք Իտալիոյ նախագահին այցելութիւնը Հայաստան՝ յայտնեց, թէ վստահ է, որ այս այցելութիւնը կը նպաստէ հայ-իտալական յարաբերութիւններու զարգացման:

«Ուրախ եմ ձեզ ողջունել, ինչպէս հիմա ընդունուած է ըսել՝ նոր Հայաստանի մէջ: Մենք այսօր կ՝իրականացնենք կարեւոր, պատմական ժողովրդավարական փոփոխութիւններ. յոյս ունիմ, որ ձեր այցին ընթացքին զգացած էք այդ փոփոխութիւններու եւ լաւատեսութեան շունչը: Բարձր կը գնահատենք Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ առկայ բարեկամութիւնը եւ պատրաստ ենք ջանքեր գործադրելու երկկողմ կապերու յետագայ զարգացման ու ամրապնդման ուղղութեամբ»,- ըսաւ Փաշինեան:

Իր կարգին, Իտալիոյ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ ընդգծեց տարբեր մարզերու մէջ երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնման կարեւորութիւնը:

«Ամուր բարեկամութիւնը կը միացնէ մեր ժողովուրդները, եւ մենք անհրաժեշտ կը նկատենք Իտալիա-Հայաստան համագործակցութեան յետագայ զարգացումը»,- ըսաւ նախագահը:

Քննարկուեցան երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր, ինչպէս՝ համագործակցութեան զարգացումը տնտեսական, պաշտպանութեան եւ մարդասիրական մարզերուն մէջ: Յատուկ կերպով ընդգծուեցաւ պաշտպանութեան մարզին մէջ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ խաղաղապահ միացեալ առաքելութեան շրջագիծին մէջ:

Անդրադառնալով ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման՝ վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ ցուցաբերած հաւասարակշռուած դիրքորոշումին համար: Փաշինեան նշեց, որ Հայաստան շահագրգռուած է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացով:

Մաթարելա ըսաւ, որ Իտալիա կը շարունակէ իր հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը Ղարաբաղի հակամարտութեան գծով՝ հաւաստիացնելով, որ հակամարտութիւնը զինուորական լուծում չի կրնար ունենալ: Պաշտօնական հանդիպումէն ետք, վարչապետն ու նախագահը շարունակեցին քննարկումները նախաճաշի սեղանին շուրջ:

 

Leave a Reply