(Ան)ազատութեան Օր

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Բագրատ Էսդուգեան

110 տարի առաջ նոր սահմանադրութեան գործադրման շնորհիւ վերացաւ նաեւ Թուրքիոյ գրաւոր մամուլին մէջ տխուր հռչակ մը վայելող գրաքննութիւնը: Կայսրութեան շրջանակները, ինչպէս բոլոր նորութիւնները՝ մեծ վերապահութիւն ցուցաբերած էին նաեւ թերթերու, որպէս զանգուածային լրատուամիջոց հրատարակութեան: Այդ մասին ալ երկրէն ներս նախափորձը կատարեցին ազգային փոքրամասնութիւնները: Նախքան թրքերէնով թերթի մը հրատարակութիւնը, արդէն հայ կամ յոյն խմբագիրներ սկսած էին իրենց մայրենի լեզուներով թերթեր հրատարակելու:

Երկար վարանումներէ ետք, նման թոյլտուութիւն շնորհուեցաւ նաեւ թրքերէն թերթ հրատարակելու համար: Իսկոյն, գործադրուեցաւ շատ ծանր գրաքննութիւն մը: Խմբագիրներ պարտաւոր էին յաջորդ օր լոյս տեսնելիք թերթին գրութիւնները ղրկելու պալատի գրաքննիչ մարմինին եւ հազիւ անոնց թոյլտուութիւնը ստանալէ ետք տպել թերթը: Յաճախակի երեւոյթ էր վերջին պահուն դրուած արգելքներու պատճառաւ թերթի էջերուն վրայ հանդիպիլ պարապ սիւնակներու: Նոյնիսկ կը պատահէր օրեր, երբ ամբողջ էջ մը պարապ լոյս կը տեսնէր:

Գրաքննութեան միջոցաւ իշխանաւորները համոզուած էին, թէ պահած կ՛ըլլան երկրին անվտանգութիւնը: Իրականութեան մէջ անոնց հոգը ոչ թէ երկրին անվտանգութիւնն էր, այլ՝ իրենց հսկած պետութեան անսասանութիւնը:

1908ին գրաքննութեան վերացումը երկրին մէջ աւանդաբար կը յիշուի որպէս «Մամուլի ազատութեան օր», բայց ինչ մեղք որ անցնող 110 տարիներուն ընթացքին Թուրքիոյ մէջ մամուլը երբեք ազատ չէ եղած: Յաճախակի երեւոյթ է յօդուածագիրներու կամ լրագրողներու իրենց մեկնաբանութիւններուն եւ լրատուութիւններուն պատճառաւ հարցաքննութիւնը, դատապարտութիւնը, բանտարկութիւնը նաեւ սպանութիւնը: Այս մերկ իրողութեան դիմաց արդէն բաւական հակասական էր Մամլոյ ազատութեան օր տօնելը:

Իրողութիւններու ուրացումը եւ ժխտումը դարձեալ աւանդութիւն մըն է մեր երկրին մէջ: Այդ իսկ պատճառաւ ալ աշխարհի երեսին ամենաշատ լրագրողներ բանտարկած երկրի նախագահը անփութօրէն կրնայ ճարել ազատ մամուլին մասին: Բայց անդին կայ «Լրագրողներ առանց սահմանի» հասարակական կազմակերպութիւնը, որ կանոնաւոր կերպով կը հետեւի աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ լրագրութեան ասպարէզին գործելու պայմաններուն: Այդ կազմակերպութեան վերջին հրապարակումներուն համաձայն՝ Թուրքիա մամուլի վրայ ամենածանր ճնշումներ գործադրող երկիրներու շարքին է:

Նախորդ Չորեքշաբթի օր հրատարակուած տեղեկագիրը Թուրքիան կը համարէ «Լրագրողներու համար աշխարհի մեծագոյն բանտը»: Մանաւանդ կ՛ակնարկէ երկու տարի առաջ ձեռնարկուած անյաջող զինուորական յեղափոխութեան եւ կ՛ըսէ թէ բազմաթիւ լրագրողներ այդ դէպքէն ետք ձերբակալուեցան եւ տակաւին նոր կը սկսի իրենց դէմ դատավարութեան գործընթացը: Թէեւ Լրագրողներ առանց սահմանի տեղեկագիրը դիտել կու տայ, թէ լրագրողներու դէմ թշնամութիւնը միայն Թուրքիոյ յատուկ երեւոյթ մը չէ եւ չէ սահմանուած Իրան, Թուրքիա կամ Եգիպտոսի նման բռնատիրական վարչակարգ ունեցող երկիրներով:

Կազմակերպութեան մատնանշած ուրիշ մէկ խնդիրն ալ լրագրողներուն ահաբեկիչներ ըլլալով ցոյց տրուիլն է: Այս մասին օրինակ կը տրուի Ամերիկայի նախագահ Թրամփը, որ լրագրողները մեղադրած էր «ժողովուրդի թշնամիներ» կոչելով: Արդարեւ, Ամերիկան ալ Թրամփի նախագահութեան առաջին տարուան մէջ արդէն երկու աստիճանով նահանջած է մամլոյ ազատութեան ցանկին վրայ: Իսկ Թուրքիա 180 երկիրներու մէջ կը գրաւէր 157րդ տեղը:

 

«ԱԿՕՍ»

 

Leave a Reply