Ատրպէյճան կը Խախտէ Ժընեւի Համաձայնագիրը եւ Թոյլ Չի Տար ԿԽՄԿ-ին Այցելելու Գերութեան Մէջ Յայտնուած Կարէն Ղազարեանին

Աշխարհ, Հայաստան

Արդէն երկու շաբաթէն աւելի է, որ Ատրպէյճանի տարածք՝ չպարզուած հանգամանքներով՝ յայտնուած ՀՀ քաղաքացի Կարէն Ղազարեանի ճակատագիրէն ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսած է ԱԳՆ խօսնակ Տիգրան Բալայեան:

«Ատրպէյճանը, կոպտօրէն ոտնահարելով պատերազմի ժամանակ քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութեան մասին Ժընեւի համաձայնագիրին 106-րդ յօդուածը, մինչ այսօր չէ թոյլատրած Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչներուն այցելելու անոր»- նշած է Բալայեան:

Ան յիշեցուցած է, որ խնդիրին առնչութեամբ յատուկ յայտարարութիւն տարածած է ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան:

«Սոյն հարցը մեր ուշադրութեան կեդրոնին է, աշխատանքները կը շարունակուին»,- ըսած է ԱԳՆ խօսնակը:

 

Leave a Reply