Անդրադարձ. Շուտիկութի՞ւն, Թէ՞ Հիւանդագին Տրամաբանութիւն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Վահրամ Էմմիեան

21 Յուլիս 2018-ին Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործընկերութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստի աւարտին յայտարարութիւն մը հրապարակելով Հայաստանն ու Թուրքիան յորդորեց առանց նախապայմաններու կարգաւորելու իրենց յարաբերութիւնները: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Ժազիրա»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխան-յայտարարութիւն մը կատարելով վերյիշեցուց հայկական կողմի արդէն աւանդական դարձած կեցուածքը, որ «մենք պատրաստ ենք Թուրքիոյ հետ հաստատելու դիւանագիտական յարաբերութիւններ` առանց որեւէ նախապայմանի»` ընդգծելով, որ Թուրքիան Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կը կապէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին: Ան յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը փակած է Թուրքիան, իսկ Հայաստանի կողմէ սահմանը բաց է:

Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամ, Պոլսոյ հայաշատ Շիշլի շրջանի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ մեկնաբանելով այդ յայտարարութիւնը ըսաւ. «Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան յայտնած է, որ իրենք պատրաստ են Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու»: Ան այդ յայտարարութիւնը նկատեց «պատմական կարելիութիւն», որովհետեւ, ըստ իրեն, Թուրքիան այդ ձեւով կրնայ միջնորդութիւն ստանձնել արցախեան հիմնահարցի լուծման մէջ:

Առաջին տպաւորութեամբ` քեմալական կուսակցութեան անդամը կը թուի Հայաստանի վարչապետին յայտարարութեան ամբողջութեան ծանօթ չըլլալ եւ լուրը հաղորդող տեղեկատու աղբիւրին  օգտագործած ապակողմնորոշող խորագիրէն խանդավառուելէ ետք, անմիջապէս «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարած ըլլալ: Սակայն շարք մը թրքական լրատուամիջոցներ եւս վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութիւնը նկատեցին «անակնկալ, կարեւոր եւ նոյնիսկ պատմական»:

Այո՛, այդ յայտարարութիւնը կարեւոր է, սակայն ոչ «անակնկալ» կամ «պատմական»: Հայաստան միշտ ալ պատրաստ եղած է առանց նախապայմանի դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու Թուրքիոյ հետ, եւ վերջինս է, որ այդ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար ղարաբաղեան տագնապի ազրպէյճանամէտ լուծումը ճշդած է իբրեւ նախապայման: Հայկական կողմը որեւէ նախապայման չէ ճշդած: Ուստի երբ Հայաստանի վարչապետը «առանց նախապայմաններու» կ՛ըսէ, բնականաբար կ՛ակնարկէ գոյութիւն ունեցող նախապայմանի մը` թրքական կողմին ճշդած արցախեան նախապայմանին:

Վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութիւնը հայկական կողմին դրական արձագանգն է Եւրոպական Միութեան Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ յորդորին: Հայկական կողմին կեցուածքը անփոփոխ է, անփոփոխ է նաեւ թրքական կողմին մտայնութիւնը, որ կարուսելի նման շարունակ կը շրջի նոյն կէտին շուրջ:

Թրքական կողմը Հայաստանի վարչապետին յայտարարութիւնը կը նկատէ «պատմական կարելիութիւն» մը, «անակնկալ» մը եւ «կարեւոր» քայլ մը, որովհետեւ թրքական կողմին մօտ արմատացած է այն հիւանդագին համոզումը, թէ ղարաբաղեան նախապայմանը արդար իրաւունք մըն է եւ ոչ թէ նախապայման, իսկ անկէ հրաժարելու պահանջը` հայկական կողմէն ճշդուած նախապայման: «Առանց նախապայմաններու» խօսքը արար աշխարհին համար ունի շատ յստակ ու տրամաբանական նշանակութիւն մը, սակայն ոչ Թուրքիոյ համար:

Leave a Reply