24 Ժամուան Ընթացքին 4 Երկրաշարժ Իրանի Մէջ

Աշխարհ

24 ժամուան ընթացքին Իրանի մէջ արձանագրուած է չորս երկրաշարժ, որոնցմէ վերջինը` երէկ առաւօտեան: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

Թեհրանի համալսարանի երկրագիտութեան հիմնարկի իրանեան երկրաշարժներու ուսումնասիրութեան կեդրոնին փոխանցումով` Իրանի հարաւարեւելեան Քերմանի նահանգին մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժը, որուն կեդրոնը 10 քիլոմեթր խորութեան վրայ եղած է, ունեցած է 5,8 աստիճան ուժգնութիւն:

Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ միայն 22 յուլիսին Իրանի մէջ տեղի ունեցած են երեք երկրաշարժներ, որոնց ամէնէն հզօրը` 5,9 աստիճան ուժգնութեամբ: Այդ երկրաշարժը տեղի ունեցած է Քերմանշահ նահանգին մէջ եւ զգացուած է գրեթէ ամբողջ տարածքին մէջ:

Երկրաշարժներուն պատճառով արձանագրուած են 287 վիրաւորներ, ամբողջովին քանդուած են 101 շինութիւններ, իսկ մասնակիօրէն վնասուած են 850 շինութիւններ:

 

Leave a Reply