Քոնկրեսի Հայկական Համախմբումը Թրամփ-Փաշինեան Հանդիպում Գումարելու Կոչ Կ՛ընէ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Յուլիս 23ին կը հաղորդէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ղեկավարները՝ Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիր, Տէյվիտ Թրաթ, Տէյվիտ Վալատաօ, Կաս Պիլիրաքիս եւ Էտըմ Շիֆ, ստորագրահաւաքի մը սկսած են, որպէսզի իրենց պաշտօնակիցները աջակցին իրենց հեղինակած նամակին, որ կը քաջալերէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը՝ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունենալու յառաջիկայ Սեպտեմբերին ՄԱԿի 73րդ Ընդհանուր ժողովին մասնակցելու նպատակով Ամերիկա այցելող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական եւ ներդրումային յարաբերութիւնները սերտացնելու նպատակով։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց այս արշաւը՝ իր կարգին կոչ ընելով հանրապետական եւ դեմոկրատ քոնկրեսականներուն, որ իրենց ստորագրութիւնը դնեն սոյն նամակին վրայ, նպաստելու համար Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական կապերու ամրապնդումը ջատագովող Հայ Դատի ջանքերուն, որոնք փոխադարձաբար նպաստաւոր պիտի ըլլան երկու երկիրներուն համար։

Նշենք, որ Ամերիկայի Հայ Դատը ներկայիս յառաջ կը մղէ հետեւեալ նախաձեռնութիւնները.

  1. Հայաստանի մէջ գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան, արուեստներու եւ ուսողութեան դասաւանումներու համար 140 միլիոն տոլարի յատկացում մը՝ Միացեալ Նահանգներու «Հազարամեակի Մարտահրաւէրներ» ծրագիրին միջոցաւ.
  2. Կրկնակի հարկումէ խուսափելու նպատակով առեւտրական նոր համաձայնագիրի մը ստորագրութիւն՝ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ.
  3. Ընկերային ապահովութեան տուրքերու կրկնակի գանձումին առաջքը առնող համաձայնագիրի մը կնքում երկու երկիրներուն միջեւ.
  4. Լոս Անճելըս-Երեւան ուղղակի թռիչքներու համակարգ ստեղծելու կարելիութեանց քննարկում.
  5. Երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրը զարգացնելու նպատակով հաստատուած Առեւտուրի եւ ներդրումներու խորհուրդի գործունէութեան խթանում։

Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս» կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան, Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանի «Օրակարգ» լրատուական հաղորդումին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է. «Պետքարտուղարութեան (արտաքին գործոց նախարարութեան) մեր գործընկերների հետ քննարկում ենք վարչապետ Փաշինեան-նախագահ Թրամփ հանդիպման անցկացման հնարաւորութիւնները՝ սեղմ ժամկէտներում, եւ այդ հարցը օրակարգային է»։

Ան անդրադարձաւ նաեւ այն հաղորդումներուն, ըստ որոնց՝ Հայաստանի առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեան, Միացեալ Նահանգներ իր այցելութեան ընթացքին, դեմոկրատ քոնկրեսականներէն խնդրած է կազմակերպել Թրամփ-Փաշինեանի հանդիպումը. դեսպանը ըսաւ, որ անոնք կեղծ լուրեր են՝ ապատեղեկատուութի՛ւն. «Ասեմ, որ Արարատ Միրզոյեանը հանդիպել է թէ՛ դեմոկրատներին, թէ՛ հանրապետականներին: Նրանք հանդիպումների ժամանակ տեղեկացրեցին, որ դիմում պէտք է անեն՝ նախագահական աշխատակազմը քաջալերելով, որ նման հանդիպում մը անցկացուի: Կեղծ մեկնաբանումն այստեղ անթոյլատրելի՛ է: Նախաձեռնութիւնը գալիս է քոնկրեսականներից», շեշտեց դեսպանը:

Ի պատասխան այն դիտարկումին, թէ կայ շրջանառուող կարծիք մը, ըստ որուն՝ Արարատ Միրզոյեանի Ամերիկա կատարած այցէն ետք որոշուած է արգելափակել «Հազարամեակի Մարտահրաւէրներ» ծրագիրին հաւանական մուտքը Հայաստան, դեսպանը ըսաւ, որ սոյն որոշումը կայացուած էր նախքան Արարատ Միրզոյեանի Ամերիկա կատարած այցը:

«Ցաւօ՛ք, պէտք է նշեմ, որ 2018-2019 թուականներին Հայաստանը չպէտք է դիտարկուի որպէս «Հազարամեակի Մարտահրաւէրներ» հիմնարկի կողմից շահառու երկիր: Որոշումն ընդունուել է Համաշխարհային բանկի կողմից՝ հիմնուելով այն ուսումնասիրութիւնների վրայ, որ Հայաստանը թոյլ տուեցին դասակարգել որպէս բարձր միջին եկամուտ ունեցող երկիր, ինչը, գոյութիւն ունեցող չափորոշիչների համաձայն, թոյլ չի տալիս Հայաստանը ներառել այդ ծրագրում: Որոշումն ընդունուել է անսպասելի՝ Յուլիսի սկզբին: Ասեմ, որ այն անսպասելի էր թէ՛ մեր, թէ՛ պետքարտուղարութեան մեր գործընկերների համար: Որոշումն ընդունուել էր առաջին փոխվարչապետի այցից մօտ երկու շաբաթ առաջ եւ որեւէ կապ չունի իր այցելութեան արդիւնքների հետ», բացատրեց դեսպանը:

Դեսպան Յովհաննիսեան ընդգծեց նաեւ, որ պէտք չէ ուշադրութիւն սեւեռել միայն մէկ ծրագիրի վրայ, այլ երկու երկրներուն յարաբերութիւնները այնքա՛ն բազմաշերտ են ու կարելիութիւնները այնքա՛ն շատ, որ պէտք է փնտռել գործակցութեան այլ միջոցներ:

Leave a Reply