Անտառային Հրդեհներ Յունաստանի Մէջ

Աշխարհ

Աթէնքի արուարձաններու մէջ մոլեգնած անտառային հրդեհներու հետեւանքով զոհերուն թիւը հասած է 50-ի, որոնց շարքին կան շատ երեխաներ, այս մասին կը յայտնէ vz.ru-ն։

Յունաստանի իշխանութիւնները պաշտօնապէս հաստատած են, որ մայրաքաղաք Աթէնքէն արեւմուտք իյնկած հատուածին մոլեգնող զանգուածային անտառային հրդեհներուն հետեւանքով զոհուած է 24 մարդ, տուժած՝ 156:

Յունաստանի հանրային հեռուստատեսութիւնը կատարուածը «ազգային ողբերգութիւն» կ’անուանէ:

Իրավիճակը անվերահսկելի է Ադդիգայի մէջ, ուր յայտարարուած է արտակարգ դրութիւն: Տասնեակ շինութիւններ «կուլ տուած» կրակի դէմ կը պայքարին հարիւրաւոր հրշէջներ եւ ջրցան ուղղաթիռներ:

Մարդոց փրկելու համար կը կիրառուին Յունաստանի ռազմածովային ուժերուն նաւերը, որոնք արդէն 760 մարդ տարհանած են:

Ոստիկանութիւնը բազմաթիւ զանգեր կը ստանայ կորսուած մարդոց մասին։

Leave a Reply