Ռապըրթ Քենետի Վերահաստատեց Արցախը Հայութեան Վերադարձի Ջանքերուն Զօրակցելու Իր Պատրաստակամութիւնը

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ ազգային բարերար Մայք եւ Եւելինա Սարեան ամոլին եւ հայ համայնքի այլ ղեկավարներու կողմէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ կազմակերպուած հաւաքի մը ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահի […]

Կը Մերժենք Ընդունիլ, Որ Արցախը ազրպէյճանի Մաս է, Հանրահաւաքներ Պիտի Կազմակերպենք

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան Alpha News-ի ուղիղ եթերով նշած է, որ կապի մէջ են եւրոպական 15 երկիրներու ներկայացուցիչներու հետ, որպէսզի աշխատին նոնյն ուղղութեամբ, […]

«100 Բանաստեղծութիւնը»` Մեծն Սեւակի 100-ամեակին. Համազգայինի Նոր Նախաձեռնութիւնը

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ ու Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանի հետ համագործակցութեամբ օրերս լոյս տեսած է Պարոյր Սեւակի «100 բանաստեղծութիւն» ժողովածուն՝ նուիրուած մեծ գրողի ծննդեան 100-ամեակին։ Գիրքը […]

Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն Փորձագիտական Մարդուժի Ներկայացուցիչներ՝ Անթիլիասի Մէջ

Օրհնութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին, Ուրբաթ 19 եւ Շաբաթ 20 Յունուար 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայկական Աշխարհը Եւ Տարածաշրջանային Վերջին Իրադարձութիւնները» թեմայով խորհրդաժողով։ […]

Յորդանանի Շոուբակ Ամրոցի Հայերէն Արձանագրութիւնները Կարող Են Թուագրուել 17-18-րդ Դարերով․ Համլետ Պետրոսեան

«ԱԶԴԱԿ» Յորդանանի Շոուբակ (*) ամրոցին մէջ յայտնաբերուած հայերէն արձանագրութիւնները, ըստ նախնական տուեալներու, կրնան թուագրուիլ 17-18-րդ դարերով, Երեւանի պետական համալսարանի մշակութաբանութեան ամպիոնի ընդլայնուած խորհրդաժողովին յայտարարած է ամպիոնի վարիչ, հնագէտ Համլետ Պետրոսեան, […]

Սուրիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Տեսանիւթ Ցուցադրուած է

Սուրիոյ Հասաքէ նահանգի Միշերֆէ թաղամասին մէջ գտնուող Սերտեմի անուան շէնքին մէջ իրականացած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ձեռնարկ։ Ermenihaber.am-ի տեղեկութիւններով՝ ձեռնարկը կազմակերպուած է Սուրիոյ հայ համայնքի խորհուրդին եւ հայ կանանց միութեան […]

«Զրոյցներ Վասն Իրողութեան»

Այս ընդհա­նուր խո­րագ­րին ներ­քեւ եօթը ան­ջատ մի­ջոցա­ռումներ կազ­մա­կեր­պո­ւած են Հրանդ Տին­քի յի­շատակ­ման շրջագ­ծով։ Նա­խատե­սուած են «Իրո­ղու­թիւնը յի­շողու­թեան վե­րածել», «Իրո­ղու­թիւնը ար­խի­ւաւո­րել», «Լրագ­րող ըլ­լա­լով դա­տավա­րու­թեան հե­տեւիլ», «Իրա­ւապաշտպան ըլ­լա­լով դա­տավա­րու­թեան հե­տեւիլ», «Իրա­ւագէտ ըլ­լա­լով […]

Նարէ Քիւրքճեանի Եւ Միշել Զալուայի «Էխըր Խարթուշէ» Թատերախաղը «Մոնօ»-ի Մէջ

18-21 Յունուար 2024-ին, «Մոնօ» թատերասրահին մէջ պիտի ներկայացուի «Էխըր խարթուշէ» («Վերջին փամփուշտը») թատերախաղը, հեղինակութեամբ եւ բեմադրութեամբ Նարէ Քիւրքճեանի եւ Միշել Զալուայի, մասնակցութեամբ դերասաններ Կայէլ Աիլէի եւ Թէրէզա Սալէհի: Սոյն ներկայացման […]

«Լեռնային Ղարաբաղ՝ Վտանգուած Հայկական Ժառանգութիւն» Ցուցահանդէսը Ֆրանսայի Մէջ

«Լեռնային Ղարաբաղ՝ վտանգուած հայկական ժառանգութիւն» խորագիրով բացօթեայ ցուցահանդէսին առանցքը կը կազմէ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող 30 բացառիկ լուսանկար։ Ցուցահանդէսը բացուած է Դեկտեմբեր 14-ին Փարիզի նշանաւոր Պասդիլի հրապարակին վրայ […]

Արամ Ա․ Գնահատեց Քաթարի Հայ Համայնքին Կապուածութիւնը Հայ Լեզուին, Մշակոյթին ու Աւանդութիւններուն

Պետական հրաւէրով կարճատեւ այցելութեամբ Տոհա (Քաթար) իր կեցութեան ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպանատուները: Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց դեսպանատուներուն կատարած աշխատանքներուն: Այս այցելութիւնները առիթ հանդիսացան անդրադարձ […]