Category: Սփիւռք
Հայ Բժշկական Հիմնադրամ. 65 Տարի Հայանպաստ Բժշկական Ծառայութիւն
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութիւնը հերթականօրէն Սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւններու մասին առանձին հատորով տեղեկութիւններ կը հրատարակէ տալով անոնց մարզերը եւ այդ մարզերուն մէջ իրենց գործունէութիւնները: Նկատելի է, որ այդ կազմակերպութիւնները զիրար միացնող երկու […]
Հայաստանի Մէջ Լոյս Տեսած է «Հայոց Ցեղասպանութեան Ցոլացումը՝ 1915-ի Մամլոյ Էջերուն Վրայ» Նիւթերու Ժողովածուն
Հայաստանեան եւ սփիւռքահայ լրատուամիջոցները կը գրեն, թէ լոյս տեսած է 1915-ի դէպքերուն մասին ժողովածու մը, որ կը կրէ «Հայոց Ցեղասպանութեան ցոլացումը՝ 1915-ի մամլոյ էջերուն վրայ» խորագիրը եւ որուն մէջ առաչին […]
Այնճարի Մէջ Յուշ Երեկոյ Նուիրուած Շարլ Ազնաւուրի
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղին, 1 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ` նուիրուած Շարլ Ազնաւուրի: Ներկաները յոտնկայս մէկ վայրկեան […]
Հայ Դատի Յանձնախումբը կը Հակադարձէ Գանատայի Մէջ Ատրպէյճանական Նորագոյն Հակահայ Արշաւին. Հաղորդագրութիւն
Վերջերս, Գանատայի տարածքին Ատրպէյճանական շարք մը հոսանքներ, սադրիչ արարքներով, անգամ մը եւս փորձեցին հրահրել հայ համայնքը, սակայն անոնց փորձը, ինչպէս միշտ՝ մնաց ապարդիւն: Այս անգամ, իրենք զիրենք որպէս կազմակերպուած համայնք ներկայացուցած, բազմատեսակ յերիւրանքներ եւ ապատեղեկատուութիւն […]
Ֆրեզնոյի Հայագիտական Ուսմանց Ընկերակցութեան Լաւագոյն Աւարտաճառի Մրցանակը՝ Դոկտ. Փոլաթելի
Ֆրեզնոյի Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS) կը տեղեկացնէ, թէ 2015-2017 տարիներուն հայագիտական նիւթերու նուիրուած աւարտաճառերուն լաւագոյնը ընտրած է դոկտ. Մեհմետ Փոլաթելի հեղինակած՝ «Armenians and the Land Question in the Ottoman Empire, […]
«Արսենալ»-«Ղարաբաղ» Խաղին Հայ Երիտասարդը Մոնթէի Նկարով Շապիկով ու Արցախի Դրօշով Ներխուժեց Խաղադաշտ
Եւրոպա լիկայի E խումբի վերջին խաղին, Լոնտոնի «Արսենալ»-ը մրցեցաւ Ատրպէյճանը ներկայացնող ակումբի՝ «Ղարաբաղ»-ի հետ ու յաղթեց նուազագոյն` 1:0 հաշուով։ Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ հանդիպման վերջաւորութեան, հայ երիտասարդը, որ ազգային հերոս Մոնթէ Մելքոնեանի նկարով […]
Ծերակոյտին Յանձնախումբը Վաւերացուց Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Մէջ Ամերիկայի Դեսպաններու Նշանակումները
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 13 Դեկտեմբերին, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը վաւերացուց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպաններու նշանակումները։ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հայաստանի մէջ […]
Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի Տոհմիկ Օր Նուիրուած՝ Հայոց Թագաւորական Տոհմերուն
Կազմակերպութեամբ Հայ Օգնութեան Միութեան Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղին, Շաբաթ, 1Դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ 25-րդ Տոհմիկ Օրը, որ կը զուգադիպէր նաեւՀայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին: Հետեւաբար, Տոհմիկ Օրը նուիրուեցաւ ՀայոցՊետականութեան հիմքը հանդիսացող Թագաւորական տոհմերուն՝ Ուրարտական կամ Վանիթագաւորութեան, Արտաշէսեան, Արշակունեաց, Բագրատունեաց եւ Կիլիկիոյ թագաւորութեանց: Ներկայ էին Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Հոգշ. Տէր Գեղարդ Ծ. ՎարդապետՔիւսպէքեան, Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս պրն. Արա Մկրտչեան, Օնթարիօ նահանգի Խորհրդարանական երեսփոխան պրն. Արիս Պապիկեան եւ 400-է աւելի հաշուող հոծ բազմութիւն: Հայ Կեդրոնի սրահը պատշաճօրէն զարդարուած էր. սրահի դուրսի բաժնի պատին վրայ տեղադրուած էրՀայաստանի քարտէսը՝ եզերքը բոլորուած հայոց 15 թագաւորներու պատկերներով, անոր քով զետեղուածպաստառին վրայ պատկերուած էին հինգ թագաւորութիւններու զինանշանները: Սրահին մուտքին զետեղուած էր յաղթանակի կամար մը վրան Արտաշէսեան զինանշանով եւ յաւերժութեաննշանով: Սրահին պատերը եզերուած էին Էրեբունի բերդի պատի որմնանկարի երիզի պատկերով, իսկ բեմինպատին վրայ ուղղահայեաց իջած էին հինգ պաստառներ, իւրաքանչիւրը ներկայացնելով արքայականտոհմերէն մէկուն զինանշանը եւ ետեւի հեռանկարով՝ Մեծ ու Փոքր Մասիս լեռները: […]
Քեպէգի Հայ Դատի Յանձնախումբը Մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան Ուխտի Յոբելեանի Հանդիսութեան
Կիրակի 9 Դեկտեմբերին, Մոնթրէալի Գոնգորտիա համալսարանին մէջ նշուեցաւ ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան Ուխտի 70-ամեակը, «Ցեղասպանութեան կանխարգիլման միջազգային օր»ուան ծիրին մէջ: Ձեռնարկի կազմակերպիչներն էին՝ Գոնգորտիայի «Montreal Institute for Genocide and Human Rights Studies […]
Հայոց եւ Յունաց Ցեղասպանութեանց Նիւթով Նկարներու Ցուցադրութիւն Ռոտոսի Մէջ
ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ «Համազգային»ի Ռոտոսի «Տիգրան-Երկաթ» մասնաճիւղին համագործակցութեամբ, Դեկտեմբեր 16-ին, Ռոտոսի «Սպանական մշակոյթի տան» մէջ, տեղի պիտի ունենայ հայերու, յոյներու եւ կիպրացիներու պատմութեան վերաբերող փաստավաւերագրական նկարներու ցուցադրութիւն։ […]










