Հայ Բժշկական Հիմնադրամ. 65 Տարի Հայանպաստ Բժշկական Ծառայութիւն

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութիւնը հերթականօրէն Սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւններու մասին առանձին հատորով տեղեկութիւններ կը հրատարակէ տալով անոնց մարզերը եւ այդ մարզերուն մէջ իրենց գործունէութիւնները:

Նկատելի է, որ այդ կազմակերպութիւնները զիրար միացնող երկու բառ ունին՝ Հայաստան եւ Հայութիւն, որոնք եթէ տուեալ կազմակերպութեան անուանակոչումին մէջ չեն, ապա անպայման՝ իրենց կանոնագրի «նպատակ» բաժնին մէջ կ՛արտացոլան:

Պատահած է, որ, ինչ-ինչ պատճառներով մէկ կամ աւելի կազմակերպութիւններ չեն ներառնուած այդ ցանկին մէջ:

Ատոնցմէ մէկը Ա․Մ․Ն․-ի՝ ՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ կազմակերպութիւնն է, որու վաթսունհինգ տարիներու՝ Հայաստանի եւ Հայութեան գործունէութեան համա-ռօտագրութիւնն է որ կը նշուի այստեղ:

Հայ Բժշկական Հիմնադրամ, Միացեալ Նահանգներու մէջ ամրագրուած է որպէս ոչ-շահաբեր կազմակերպութիւն՝ նշուած (501C) պետական պիտակով: Սփիւռքի մէջ միակ հայկական կազմակերպութիւնն է, որ ամբողջովին կեդրոնացած է՝ օժանդակելու, օգնելու եւ նպաստելու Հայկական եւ միջազգային կազմակերպութիւնները, հիւանդանոցները, բուժարանները, գիտահետազօտական կազմակերպութիւնները, որոնք հիւծախտային (tuberculosis) մարզին մէջ կը գործեն՝ բուժելու եւ կասեցնելու տարածումը հիւծախտին:

-Հիմնադրութիւն եւ նպատակ

Հայ Բժշկական Հիմնադրամը, հիմնուած է Նիւ Եորքի մէջ 1953 թուականին: Ազգային երեք անհատներ, յանձինն՝ Ճան Թորիկեանի, Միհրան Գալայճեանի եւ Միհրան Գարակէօզեանի կողմէ: Հայ Բժշկական Հիմնադրամի հիմնական առաքելութիւնն էր՝ նիւթապէս օժանդակել Լիբանանի մէջ 1920ական թուա-կաններուն հաստատուած Ազգային Բուժարանին, որուն առաքելութիւնն էր՝ Միջին Արեւելքի մէջ բուժել հայ եւ տեղացի հիւծախտով վարակուած հիւանդները:

Բուժարանը հաստատուած է Հայաստանեայց Առաքելական, Հայ Աւետարանական եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներուն կողմէ: Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներուն իր գործու-նէութիւնը կը դադրեցնէ իսկ միւս երկուքը իրենց հոգատարութիւնը կը շարունակեն ցայսօր:

Ստորեւ Հայ Բժշկական Հիմնադրամի վերջին վաթսունհինգ տարիներու (1953 – 2018) գործունէութեան համառօտագրութիւնը:

I- ԼԻԲԱՆԱՆ

Իր հաստատման առաջին օրէն, Հայ Բժշկական Հիմնադրամը յարատեւ եւ առանց դադարի իր օժանդակութիւնը բերած է Հայ Ազգային Բուժարանին, Ազունիյէ, Լիբանան, հետեւեալ մարզերուն մէջ-

– Հայ Բժշկական Հիմնադրամը տարեկան նիւթական մնայուն օժանդակութիւն բերած է Բուժարանի ծախսերուն:
– Յաւելեալ յատկացումներով նպաստած է արտակարգ պահանջներ հոգալուն:
– Բարենորոգած է Հիւանդանոցը եւ Տարեցներու Տունը:
– Շարժողական X- Ճառագայթի սարք եւ Ցնցղադէտ (bronchoscope) հայթայթած է:
– Արդիականացուցած է հաշուական միջոցներու սարքերը:
– Ջեռուցման համար արեգնային ջերմութեան սարքեր հայթայթած է:
Տարիներու ընթացքին կուտակուած օժանդակութիւնը միլիոնաւոր տոլարներու սահմանը անցած է:

Մատուռ, Հիւանդանոց եւ ․․․
Տարեցներու Տուն՝
Ազունիէ, Լիբանան
Արեգնային Ջերմութեան Սարքեր Շարժական X-Ճառագայթի Սարք

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

II- ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

 

Հայաստանի Հանրապետական Հիւանդանոց՝ Աբովեան

Հայաստանի անկախացումէն ետք, նկատելի էր, որ Հայրենիքը հսկայական դժուա-րութիւններ կը դիմագրաւէր յատկապէս հիւծախտի մարզէն ներս:

Հայ Բժշկական Հիմնադրամը համագործակցելով Հայաստանի Առողջապահական Նախարարութեան հետ, ուսումնասիրեց Հայաստանի տարածքով առկայ հիւծախտի հետ առնչուող հարցերը, գնահատեց պահանջները եւ դասակարգեց գործունէութան ծիրը մանաւանդ երկրաշարժէն ետք: Ուշադրութեամբ հետեւեցաւ նախկին սովետական մտայնութենէն հեռու մնալ: Ապա լուրջ ծրագրումներով ձեռնարկեց օգնել վերակազմաւորման աշխատամքմերուն:

Հետեւեալը համառօտ նշումն է 1990-2018 շրջանին կատարուած գործունէութեան:

Հիւծախտի հիւանդանոցը՝ Վանաձոր

Հայ Բժշկական Հիմնադրամ –Միացեալ Նահանգներու Գործունէութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:
Ա- Դեղորայք, բժշկական սարքեր եւ շինարարական աշխատանքներ
– Հայ Բժշկական Հիմնադրամը առաջին հերթին սնունդ եւ դեղորայք հայթայթեց Աբովեան Քաղաքի Հանրապետական Հիւանդանոցին, որ գլխաւոր հիւծախտի հիւանդանոցն է Հայաստանի մէջ:
– Նոյն հիւանդանոցի վիրահատութեան սենեակը ամբողջովին նորոգել տուաւ:
– Դեղորայք հայթայթեց Գիւմրիի հիւանդանոցին:
– Կապանի հիւանդանոցը վերանորոգեց:
– Գորիսի հիւանդանոցը վերանորոգեց:

– Հայ Բժշկական Հիմնադրամը ամբողջովին վերանորոգեց Վանաձորի հիւանդանոցը: Հիւանդանոցը այսօր արդիական կառոյց մըն է:

– Շինարարական օգնութիւն տուաւ Թթուջուր հիւնդանոցին:
– Ցնցղադէտի (bronchoscope) սարք հայթայթեց Քանաքեռի Միքայէլեան հիւան-դանոցին:
– Շարժողական X- Ճառագայթի սարք հայթայթեց Քարակերտի հիւանադա-նոցին:

– Հայ Բժշկական Հիմնադրամը ԱՄԲՈՋԱԿԱՆ ՆՈՐՈԳՄԱՆ ԵՆԹԱՐԿԵՑ ԴԻԼԻՋԱՆԻ ՄԱՆԿԱ- ԲՈՒԺԱՐԱՆԸ:

Առողջապահական մանկաբուժարան՝ Դիլիջան

Բ- Հետազօտական գործունէութիւն
Հ․Բ․Հ․-ը օժանդակեց՝ որ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի (AUA) Հանրային Առողջապահական Ինսթիթութը (The Institute of Public Health), միասնաբար Հայաստանի Ազգային Հակատուբերկուլոզի հետ ուսումնասիրութիւն մը կատարէ, բաղդատելով՝ տան եւ հիւանդանոցի մէջ դեղորայք ստանալու առաւելութիւնները եւ ացդեցութիւնները:
Ուսումնասիրութեան յաջող ընթացքին որպէս հետեւանք, Բաժանմունքը Քանա-տայի կառավարութենէն նպաստ ստացաւ հետազօտութիւնը ընդլայնելու Հայաս-տանի Հանրապետոէթեան տարածքով:

Գ- Համագործակցութիւն Ճինիշեան հիմնադրամին հետ
2018ին Հ․Բ․Հ․-ը օժանդակեց Ճինիշեան Հիմնադրամին, որ Երեւանի բուժ-քոյրերու վերաորակման աշխատանքին ձեռնարկէ: Աւելի քան չորս հարիւր բուժքոյր մասնակցեցան վերաորակման դասընթացքներուն: Աշխատանքներուն եզրակազու-թիւնները փոխանուեցան թէ՛ Առողջապահական, թէ՛ Կրթական նախարարութիւն-ներուն առ ի քննարկում եւ որդեգրում:

Դ- Հաստատում Մասնագիտական Կրթաթոշակի
1918ին, Հ․Բ․Հ․-ը կրթաթոշակ հաստատեց Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի (AUA) Հանրային Առողջապահական հիմնարկին մէջ (The Institute of Public Health) Հանրային Առողջապահութեան նիւթին մէջ, Մագիստրոս (MS) մակարդակի մասնագիտանալու: Կրթաթոշակը կը տրուի 2019 տարեշրջանին:

Ե- Հանրային Առողջապահական Գիտաժողով
Հայ Բժշկական Հիմնադրամը նպաստեց որ՝ Նիւ Եորքի Քոլոմպիա Համալսարանի Բժշկական Կեդրոնի Սննդական Ինսթիթութը, գիտաժողով մը կազմակերպէ Երեւանի մէջ: Մանկական Սննդական հարցերու մասին: Գիտաժողովին մասնակցեցան թէ՛ օտար, թէ՛ հայ մասնագէտներ:
Զ- Ատամնաբուժական եւ Կանացի Հիւանդութիւններու բժիշկներու վերաորակում:
Հայ Բժշկական Հիմնադրամը օժանդակեց Նիւ Եորքի AAHPO կազմակերպութեան ծրագրին՝ Լոռի շրջանին մէջ վերաորակելու նոյն մարզերուն մէջ գործող ատամնաբուժեր եւ բժիշկներ: Երկու բժշկուհիներ սիրայօժարօրէն իրենց մասնակցութիւնը բերին:

III. ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
Հայ Բժշկական Հիմնադրամը 1990ական թուականներէն սկսեալ իր ուշադրութիւնը նաեւ կեդրանացուց Արցախի վրայ: Ահաւասիկ նշումներ՝ Արցախի մէջ իրականացուած ծրագիրներու-
– Հայ Բժշկական Հիմնադրամը նորոգեց Շուշիի հիւանդանոցի երկրորդ յարկի ծննդաբերական սրահը:

– Հայ Բժշկական Հիմնադրամը Կառուցել տուաւ հիւծախտի ախտաճանաչման կեդրոնը, որը կոչուեցաւ միութեան հիմնադիրներու անունով՝ Թորիկեան, Գարագէոզեան եւ Գալայճեան կեդրոն:

Թորիկեան, Գարակէօզեան, Գալայճեան
Ախտաճանաչման Կեդրոն, Ստեփանակերտ

– Հ․Բ․Հ․-Ա․Մ․Ն․, ՎԱՆՔ գիւղի բժշկական կեդրոնին հետեւեալները տրամադրեց:
Դեղորայք
Ելեկտրական սարքեր
Բուժօգնութեան ինքնաշարժ
– Հ․Բ․Հ․-Ա․Մ․Ն․ Արցախի կառավարութեան եւ Ա․Մ․Ն․-ի Հայաստան Հիմնադրա-մին հետ Մարտունիի մէջ արդիական հիւանդանոց կառուցեց, որը արդէն կը գործէ:

Մարտունիի նորակառոյց հիւանդանոցը

– Հ․Բ․Հ․-ը օժանդակեց Ա․Մ․Ն․-ի Արեւելեան Ազգային Մարմնին, Արցախի սահմա-նամերձ Առաջամուղ գիւղին մէջ բժշկական կեդրոնի կառուցման: Կեդրոնը արդէն կը ծառայէ թէ՛ գիւին եւ թէ՛ շրջակայքի համայնքներուն:

– ՀԱՅ ՎԻՐԱՒՈՐ ԶԻՆՈՒՐՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ

Հ․Բ․Հ․-Ը ՎԵՐՋԻՆ ԵՐԿՈՒ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ ԻՐ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՆԵՐԴԸ-ՐՈՒՄԸ ՅԱՏԿԱՑՈՒՑ ՀԱՅ ՎԻՐԱՒՈՐ ԶԻՆՈՒՐՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻՆ՝ ԱՐԵԱՆ ՀՈՍՔԻ ԴԷՄ ՍԱՐՔԵՐ ՏՐԱՄԱԴՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ:

Հայ Բժշկական Հիմնադրամ – ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿԻՆ ՎՐԱՅ ԱՌԱՋԻՆՆԵՐԷՆՆ Է:

Ռազմաճակատի զինուորները իրենց տրուած՝ արեան հոսք կացեցնող սարքերով

IV. ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

– Հ․Բ․Հ․-ը հակահիւծախտի հետապնդումի իր ծրագիրներուն զուգընթաց, համագործակցեցաւ համաշխահային համբաւ վայելող կահիւծախտային գիտահե-տազոտական ծրագիներուն:
Հետազօտութիւնը հրատարակուեցաւ համաշխարհային պարբերաթերթի մը մէջ, ուր ՀԲՀն օժանդակութիւնը պատշաճօրէն նշուեցաւ:

– 2017-ին Հ․Բ․Հ․-ը նիւթական օժանդակութիւն բերաւ Նիւ Ճէրզիի՝ Հայ Տարեցներու Տան նորոգման աշխատանքներուն:

-Հ․Բ․Հ․-ը նիւթական օժանդակութիւն բերաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Կազմակերպութեան՝ Սուրիոյ հայութեան իրենց օգնութեան աշխատանքին համար:

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Վերը նշուածները համառօտագրութիւնն է վաթսունհինգ տարիներու վրայ տարած-ւած համամարդկային գործունէութեան մը:
Իրերայաջորդ ղեկավար մարմինները ճիգ չեն խնայած իրենց սէրն ու օժանդա-կութիւնը բերել, ուր կարիքը զգացուած է:
Հայաստանն ու Հայութիւնը եղած են ՀԲՀի գործունէութեան կիզակէտը:
Այսօր, յետադարձ ակնարկով միմիայն խոր շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք հարազատ մտահուգութեամբ օգնեցին, մասնակցեցան եւ իրենց ներդրումներով վերը նշուած յաջողութիւնները արձանագրեցին:
Խորագոյն շնորհակալութիւն բոլորին:

Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Բժշկական Հիմնադրամի Վարչութիւն
Վահէ Պալուզեան, Նախագահ, Անդրանիկ Թորիկեան, Փոխ-նախագահ, Դր․Հրանդ Մարգարեան, Վարիչ Քարտուղար, Դր. Մեսրոպ Օտեան, Գանձապահ, Բժիշկ Ճորճ-Գրիգոր Տէրմխսեան, Կրէկ Թուֆայեան, Դր. Քիմ Հեքիմեան:

Հիմնադրամի հետ կապ կարելի հաստատել- AMF-USA, 160 Waters Edge, Congers, NY 10920 USA. Tel. 845-268-2069 and/or 845-300-9442. E-Mail:
armedfund@yahoo.com and /or hmarkarian@yahoo.com.