Կատարեալ Կառավարութիւն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

 

Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Նիկոլ Փաշինեան, ստանձնելով վարչապետի պաշտօնը՝ կազմեց իր դահլիճը, որուն մէջ մտան ոչ միայն իր կուսակիցները, այլ նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութենէն եւ «Բարգաւաճ Հայաստան»էն գործիչներ:

Կարեւոր պաշտօններ ստանձնած «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան անդամներուն մէկ կարեւոր մասին պատրաստուածութիւնը եւ յաճախ նաեւ նկարագրային ոչ այնքան ցանկալի յատկանիշները (գոռոզութիւն, ինքնահաւանութիւն, ամէնագէտի կեցուածք) մտահոգութիւն յառաջացուցին յեղափոխութեան յաջողութեամբ մտահոգ շրջանակներու մօտ:

Արտահերթ ընտրութիւններէն ետք, Ազգային ժողովին մէջ բացարձակ մեծամասնութիւն ունենալով՝ Փաշինեան այլեւս կարիք չունի կառավարութեան մէջ ներառնելու մարդիկ՝ պարզապէս, որովհետեւ անոնք իր կողքին կանգնած են: Մասնագիտական ու մարդկային յատկանիշները անփոխարինելի նախապայմաններ են թէ՛ ժողովուրդին համակրանքը ապահովելու, թէ՛ վստահութիւն ներշնչելու եւ թէ գործերու յաջողութիւնը երաշխաւորելու համար: Ժողովուրդը կը սպասէ, որ նոր կառավարութեան պաշտօնեաները մարմնաւորեն լաւագոյն յատկանիշները, Հայաստանի քաղաքացի դարձած երիտասարդ հայրենադարձ գործիչ Սառա Անճարկոլեանի բառերով՝ «վերջին մի քանի օրերին, որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի, ես երազել եմ նոր Հայաստանում կատարեալ կառավարութեան մասին: Ի՞նչ տեսակի մարդիկ եմ ցանկանում, որ կայացնեն որոշումներ երկրիս եւ ինձ համար»: Սառայի նման, բոլորս ալ կ՛ուզենք, որ մեր երկիրը կառավարողները ըլլան «կրթուած, իմաստուն, փորձառու, Հայաստանի, ինչպէս նաեւ գլոբալ (համաշխարային-Խմբ.) իրադարձութիւնների մասին խորը հասկացողութիւն ունեցող եւ ամենաշատը՝ բարի եւ ազնիւ… անձեր, առանց եսակենտրոնութեան… միշտ պատրաստ լինեն էգոն (եսը-Խմբ.) դնել մի կողմ երկրի բարիքի համար: Ես գիտեմ, որ կարող ենք ներգրաւել այսպիսի մարդկանց: Դա ուղղակի անելու հարց է»: