Ծերակոյտին Յանձնախումբը Վաւերացուց Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Մէջ Ամերիկայի Դեսպաններու Նշանակումները

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 13 Դեկտեմբերին, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը վաւերացուց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպաններու նշանակումները։

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հայաստանի մէջ դեսպան նշանակած էր Լին Թրէյսին, իսկ Ատրպէյճանի մէջ՝ Ըրլ Լիցընպըրկըրը։

Նշենք, որ Թրէյսիի նշանակման վաւերացումին համար կատարուած քննարկումներուն ընթացքին, ծերակուտական Պապ Մենենտեզ եւ Էտ Մարքի լուսարձակի տակ առած էին Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն թերի կեցուածքը, երաշխիքներ պահանջելով Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման վերաբերեալ: Սակայն, Թրէյսի բաւարարուած էր յայտնելով, թէ ինք եւ Թրամփի վարչակազմը «կ՛ընդունին պատմական դէպքերը, որոնք տեղի ունեցած են Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն եւ որոնց ընթացքին սպաննուած ու պարտադիր տեղահանութեան ենթարկուած են 1.5 միլիոն հոգի», առանց «ցեղասպանութիւն» բառը գործածելու:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան ցաւ յայտնեց, որ ամերիկացի դիւանագէտները կը պարտադրուին խուսափողական լեզու օգտագործելու եւ սուտ խօսելու հայ ժողովուրդին, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, տեղի տալով Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի քաղաքականութիւնը Ուաշինկթըն արտածելու Թուրքիոյ ջանքերուն առջեւ:

Նշենք, որ նշանակումները պէտք է վաւերացուին նաեւ Ծերակոյտի լիագումար նիստին կողմէ։