Հայաստանի Մէջ Քրէածին Իրավիճակը Անհանգստութեան Առիթ Չի Տար. Ոստիկանութիւնը Արձագանգած է ԱՄՆ Դեսպանութեան Կոչին

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութիւնը զգուշութեան կոչ ըրած է տօնական օրերուն Հայաստան այցելող ԱՄՆ քաղաքացիներուն: Կոչին առնչութեամբ՝  ՀՀ ոստիկանութիւնը տարածած է պարզաբանում, ընդգծելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ քրէածին իրավիճակը անհանգստութեան առիթ չի տար, անվտանգ է ինչպէս Հայաստանի քաղաքացիներուն, այնպէս ալ զբօսաշրջիկներուն համար եւ կը գտնուի ոստիկանութեան մշտական վերահսկողութեան ներքոյ:

«Կը յայտնենք, որ բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններ անվտանգ գնահատած են Հայաստանն ու մայրաքաղաք Երեւանը, եւ ոստիկանութիւնն ու միւս իրաւապահ մարմինները ունին բոլոր հնարաւորութիւններն ու միջոցները եւ կ՝ընեն ամէն ինչ` այդ գնահատականը հաստատելու ու հասարակական անվտանգութեան լիարժէք պահպանման համար, իսկ յատկապէս տօնական օրերուն ոստիկանութիւնը պարտադիր կ՝անցնի հզօրացած ծառայութեան»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: