Ֆրեզնոյի Հայագիտական Ուսմանց Ընկերակցութեան Լաւագոյն Աւարտաճառի Մրցանակը՝ Դոկտ. Փոլաթելի

Աշխարհ, Սփիւռք

Ֆրեզնոյի Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS) կը տեղեկացնէ, թէ 2015-2017 տարիներուն հայագիտական նիւթերու նուիրուած աւարտաճառերուն լաւագոյնը ընտրած է դոկտ. Մեհմետ Փոլաթելի հեղինակած՝ «Armenians and the Land Question in the Ottoman Empire, 1870-1914» («Հայերը Եւ Հողի Հարցը Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ, 1870-1914») ուսումնասիրութիւնը։

Մրցանակին կ՛ընկերանայ 1000 տոլարի նիւթական նուէր մը:

Փոլաթելի իր վարդապետական աւարտաճառը յաջողութեամբ պաշտպանած էր 2017ին, Պոլսոյ «Պողազիչի» համալսարանին մէջ։ Աւարատաճառին մէջ ան կը քննէ հողի պատկանելիութեան հարցը, որուն շուրջ կեդրոնական եւ տեղական իշխանութիւնները, հայ քաղաքական վերնախաւը, հայկական հաստատութիւններ եւ քրտական քաղաքական վերնախաւը եւ ուժերը տարբեր տեսակէտներ ունէին։ Ան եզրակացուցած է, որ հայութեան հողային սեփականութեան իրաւանց ոտնակոխումները սաստկացած են յատկապէս համիտեան ջարդերէն ետք։

Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը նաւեւ պատուոյ յիշատակութեան արժանի նկատած է դոկտ. Քրիստափոր Շեքլեանի՝ «Աստուածաբանութիւն Եւ Համայնք. Հայկական Փոքրամասնութիւնը, Աւանդութիւնը Եւ Աշխարհականութիւնը Թուրքիոյ Մէջ» («Theology and Community: The Armenian Minority, Tradition, and Secularism in Turkey») աւարտաճառը։ Շեքլեան իր վարդապետական աւարտաճառը յաջողութեամբ պաշտպանած էր 2017-ին, Շիքակոյի համալսարանին մէջ։

1974-ին հաստատուած Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել societyforarmenianstudies.com կայքը: