Դէմք

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Նորայր Տատուրեան 

Մեր բառերուն ամենէն սիրունատեսը

Դէմ­­­քը ծա­­­նօթ էր տե­­­ղէ մը։ Ար­­­տա­­­­­­­յայու­­­թի՞ւնն անոր- հեղ մը զո­­­ւար­­­թա­­­­­­­դէմ, հեղ մը՝ տխրա­­­դէմ, բայց միշտ հա­­­րազատ եւ ան­­­մի­­­­­­­ջական։ Քա­­­նի՜ քա­­­նի ան­­­գամներ դէմ դի­­­մաց նստեր ենք անոր հետ եւ ու­­­նե­­­­­­­ցեր ենք ջերմ զրոյցներ։ Դի­­­մաս­­­տո­­­­­­­ւերն անոր՝ հա­­­մաչափ եւ սի­­­րու­­­նա­­­­­­­տես։ Զայն կո­­­չեր են լու­­­սա­­­­­­­դէմ, եր­­­բեմն ալ՝ ման­­­կա­­­­­­­դէմ, քան­­­զի բա­­­րի է եւ ան­­­մեղ։ Դի­­­տել զայն ու երա­­­զել՝ քաղցր է։ Շա­­­տեր սի­­­րահա­­­րուեր են անոր եւ եր­­­գեր յօ­­­րիներ, շատ սիր­­­տեր կա­­­րօտ մնա­­­ցեր են անոր անոյշ տե­­­սոյն եւ այ­­­րեր են անոր հա­­­մար… Յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, այ­­­սօր պի­­­տի նստինք հա­­­յոց ան­­­ցեալի պաշ­­­տե­­­­­­­լի դէմ­­­քե­­­­­­­րուն առ­­­ջեւ ու պի­­­տի զրու­­­ցենք «դէմք» բա­­­ռի մա­­­սին։

Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նեան աշա­­­կեր­­­տա­­­­­­­կան պտոյ­­­տին նա­­­խավեր­­­ջին օրն է։ Ան­­­ցած տասնչորս օրե­­­րուն, թան­­­գա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րու մէջ եւ յու­­­շարձան­­­նե­­­­­­­րու մօտ հան­­­դի­­­­­­­պեր էինք հայ ժո­­­ղովուրդի երե­­­ւելի դէմ­­­քե­­­­­­­րուն- Կո­­­միտա­­­սին, Թու­­­մա­­­­­­­նեանին, Չա­­­րեն­­­ցին, Մաշ­­­տո­­­­­­­ցին, Տէ­­­րեանին…. Զրու­­­ցեր էինք անոնց հետ, ար­­­տա­­­­­­­սաներ ու եր­­­գեր էինք անոնց հա­­­մար։ Իսկ այ­­­սօր, ու­­­զեր ենք բո­­­լորին հրա­­­ժեշտ տալ։ Լա­­­ւագոյն տե­­­ղը Գա­­­ֆէս­­­ճեան արո­­­ւես­­­տի կեդ­­­րոնն է, ուր կայ Գրի­­­գոր Խան­­­ճեանի հսկա­­­յական եռա­­­մաս որ­­­մանկա­­­րը, որուն մաս կը կազ­­­մէ «Վե­­­րած­­­նո­­­­­­­ւած Հա­­­յաս­­­տան»-ը՝ հա­­­յոց պատ­­­մութեան եր­­­կու տաս­­­նեակ լու­­­սա­­­­­­­ւոր դէմ­­­քե­­­­­­­րու խմբան­­­կա­­­­­­­րը։

Ցու­­­ցասրա­­­հին առ­­­ջեւ մեզ կը դի­­­մաւո­­­րէ ժպտա­­­դէմ արո­­­ւես­­­տա­­­­­­­բան Աստղի­­­կը։ Երբ ան կը սկսի խօ­­­սիլ հոն ներ­­­կա­­­­­­­յացո­­­ւած ան­­­ձե­­­­­­­րը ծա­­­նօթաց­­­նել, կը քօ­­­ղազեր­­­ծո­­­­­­­ւի նաեւ «դէմք» բա­­­ռին պատ­­­մութիւ­­­նը։

Հին է բառս ու չենք գի­­­տեր, թէ առա­­­ջին ան­­­գամ ե՛րբ ցոյց տո­­­ւեր է իր երե­­­սը։ Ստու­­­գա­­­­­­­բան­­­ներ զայն կը հա­­­մեմա­­­տեն հա­­­րեւան լե­­­զու­­­նե­­­­­­­րու նոյ­­­նի­­­­­­­մաստ բա­­­ռերուն հետ. Մի­­­ջին Պարսկե­­­րէն «դէմ», պարսկե­­­րէն «դիմ», աւես­­­տե­­­­­­­րէն «դաէման»- բո­­­լորին մէջ կը նշա­­­նակէ «նա­­­յուածք, երես, տեսք»։ Եղի­­­շէ պատ­­­մի­­­­­­­չը երբ գրի կ՚առ­­­նէր Վար­­­դա­­­­­­­նանց պա­­­տերազ­­­մը, քրիս­­­տո­­­­­­­նեայի դի­­­մագի­­­ծը նկա­­­րագ­­­րե­­­­­­­լու հա­­­մար դի­­­մեր է «դէմք» բա­­­ռին- թարգմա­­­նաբար այսպէս. «Չի սար­­­սա­­­­­­­փիր սառ­­­նա­­­­­­­մանի­­­քէն, տա­­­պէն, տան­­­ջանքէն, սպառ­­­նա­­­­­­­լիքէն, բայց զո­­­ւար­­­թա­­­­­­­գին դէմ­­­քով վեր կը նա­­­յի Քրիս­­­տո­­­­­­­սին»։ Եղի­­­շէ պատ­­­մի­­­­­­­չէն շատ առաջ, Ն.Ք. 2-րդ դա­­­րուն բա­­­ռը դար­­­ձեր էր նա­­­խարա­­­րական ըն­­­տա­­­­­­­նիքի անուն՝ Դի­­­մաք­­­սեան։ Մով­­­սէս Խո­­­րենա­­­ցին կը պատ­­­մէ, թէ Ար­­­տա­­­­­­­շէս Ա. թա­­­գաւո­­­րի դա­­­յեակոր­­­դի Գի­­­սակը փրկեր է ար­­­քա­­­­­­­յին, սա­­­կայն դէմ­­­քը կի­­­սուեր է սու­­­րով։ Անոր տոհ­­­մը ստա­­­ցեր է նա­­­խարա­­­րական ըն­­­տա­­­­­­­նիքի աս­­­տի­­­­­­­ճան եւ «Դի­­­մաք­­­սեան» կո­­­չու­­­մը։

Աստղի­­­կը կը մատ­­­նանշէ նկա­­­րին վե­­­րի մա­­­սը ու կը սկսի ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նել հայ­­­կա­­­­­­­կան քնա­­­րեր­­­գութեան երե­­­ւելի դէմ­­­քե­­­­­­­րը. Իսա­­­հակեանը, Թու­­­մա­­­­­­­նեանը, Շի­­­րազը… Ան պի­­­տի խօ­­­սի նաեւ Թու­­­մա­­­­­­­նեանի կի­­­սաւարտ ձեռ­­­քի մա­­­սին։

«Դէմք» բա­­­ռըն­­­տա­­­­­­­նիքը նա­­­խան­­­ձե­­­­­­­լի հարստու­­­թիւն ու­­­նի։ Գրա­­­բար հա­­­յերէ­­­նը ու­­­նե­­­­­­­ցեր է քսա­­­նէ աւե­­­լի ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւն, ինչպէս՝ «դէմ յան­­­դի­­­­­­­ման», «դէմ առ դէմ», «դէմ դնել», «մե­­­ռելա­­­տիպ դէմք», «այ­­­լանդա­­­կեալ դէմք»։ 70-ի չափ են այն բա­­­ռերը, որոնք «դէմք»ով կը սկսին եւ 160-ի չափ են անոնք, որոնք «դէմք»ով կը վեր­­­ջա­­­­­­­նան։ Այդ հա­­­ւաքա­­­ծոն, բնա­­­կան է, որ ու­­­նե­­­­­­­նար պատ­­­կե­­­­­­­րալից ածա­­­կան­­­ներ։ Ուստի, ու­­­նե­­­­­­­ցեր ենք տժգու­­­նա­­­­­­­դէմ, դեղ­­­նա­­­­­­­դէմ եւ դալ­­­կա­­­­­­­դէմ հի­­­ւանդներ, թախ­­­ծա­­­­­­­դէմ եւ տխրա­­­դէմ բա­­­նաս­­­տեղծներ։ Հան­­­դուրժեր ենք եր­­­կը դի­­­մի, անաս­­­նա­­­­­­­դէմ, դի­­­մազուրկ, դի­­­մածա­­­ծուկ, դի­­­ւադէմ եւ կեղ­­­ծա­­­­­­­դէմ մար­­­դոց։ Բա­­­րեբախ­­­տա­­­­­­­բար աշ­­­խարհի վրայ եղեր են բա­­­րեդէմ, սի­­­րու­­­նա­­­­­­­դէմ, գե­­­ղադէմ, արե­­­ւադէմ, անու­­­շա­­­­­­­դէմ, գե­­­ղեց­­­կա­­­­­­­դէմ, քաղցրա­­­դէմ եւ չքնա­­­ղադէմ ան­­­ձեր։

Որ­­­մանկա­­­րին աջ կող­­­մը, նկա­­­տել կու տայ Աստղի­­­կը, շի­­­նարար դէմ­­­քեր են- Թո­­­րամա­­­նեանն ու Թա­­­մանեանը, իսկ ձախ ան­­­կիւնը՝ երա­­­ժիշտներ Խա­­­չատու­­­րեանն ու Սպեն­­­դիարեանը։

«Դէմք» բա­­­ռը մեր բա­­­նաս­­­տեղծնե­­­րու հա­­­մար եղաւ պաշ­­­տե­­­­­­­լի։ Անոր ու­­­րո­­­­­­­ւագի­­­ծին մէջ հայ քնա­­­րեր­­­գա­­­­­­­կը սի­­­րեց տես­­­նել գե­­­ղու­­­հի մը, շատ ան­­­գամ՝ անոր կա­­­րօտը։ Ար­­­տա­­­­­­­շէս Յա­­­րու­­­թիւնեանը գրեց. «Դէմ­­­քէդ շքեղ ու փար­­­թամ… դի­­­մաս­­­տո­­­­­­­ւեր մը տար­­­տամ»։ Տէ­­­րեանը անոր ձայ­­­նակցե­­­ցաւ. «Կրծքիս դիր դէմ­­­քը քո տխրա­­­դալուկ», «Մօր պէս քնքշա­­­բար մօ­­­տեցիր դէմ­­­քիս»։ Ու­­­նե­­­­­­­ցանք բա­­­նաս­­­տեղծներ, որոնք կեան­­­քի դա­­­ժան դէմ­­­քը տե­­­սան երի­­­տասարդ տա­­­րիքին։ Մէ­­­կը Մատ­­­թէոս Զա­­­րիֆեանն էր.

Աղօ­­­թէ՛, քոյր թախ­­­ծա­­­­­­­դէմ,

Նա­­­յէ որ­­­քա՜ն գու­­­նատ եմ։

Իսկ Պետ­­­րոս Դու­­­րեանը «դէմք»ով նկա­­­րագ­­­րեց ինքզինք՝ «Մոմ մը վտիտ ու մա­­­հադէմ», «Լճա­­­կի մը պէս ես մե­­­ռած, դալ­­­կա­­­­­­­հար դէմքդ ու հա­­­յեցո­­­ւած»։ Դու­­­րեանին կը պատ­­­կա­­­­­­­նին նաեւ «լու­­­սին դէմք կոյս» եւ «դէմ­­­քին վար­­­սի հոյ­­­լը ծած­­­կած հարս» գրա­­­կան պատ­­­կերնե­­­րը։ Իսկ Չա­­­րեն­­­ցը, որուն տան մէջ ար­­­տա­­­­­­­սաներ էինք երեք բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւն, գի­­­տէր, թէ մա­­­հուան օրը կը դառ­­­նայ լու­­­սին.

Բո­­­լորի սրտում կը կանգնի յան­­­կարծ

Ան­­­հա­­­­­­­ղորդ, ինչպէս հե­­­ռաւոր լու­­­սին,

Իմ դէմ­­­քը՝ ար­­­դէն յա­­­ւիտեան հան­­­գած։

Ինչպէ՞ս չյի­­­շել «դի­­­մառ­­­նութիւն»-ը, գրա­­­կան ըն­­­տիր ոճ, ուր ան­­­շունչ առար­­­կան կը մար­­­դա­­­­­­­նայ ու կը խօ­­­սի ըն­­­թերցո­­­ղի հետ։ Մեր գրա­­­կան ժա­­­ռան­­­գութեան ակնյայտ դի­­­մառ­­­նութիւննե­­­րէն է Ներ­­­սէս Շնոր­­­հա­­­­­­­լիի «Ողբ Եդե­­­սիոյ» վի­­­պեր­­­գութիւ­­­նը, ուր պատ­­­կե­­­­­­­րուած է 1144 թո­­­ւակա­­­նին հա­­­յաշատ այդ քա­­­ղաքի գրա­­­ւումն ու աւե­­­րու­­­մը։ Բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թեան մէջ Եդե­­­սիան որ­­­դե­­­­­­­կորոյս սգա­­­ւոր այ­­­րի է ու կ՚ող­­­բայ. «Քան­­­զի նստիս որբ եւ այ­­­րի, տխուր դի­­­մօք»։ Նոյն ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութեան մէջ օտա­­­րադէմ աս­­­պա­­­­­­­տակող­­­ներ գե­­­րի կ՚առ­­­նեն այն հա­­­յու­­­հի­­­­­­­ները, որոնք «գե­­­ղեցիկ դի­­­մօքն էին»։

Բառս, որ­­­պէսզի երե­­­սը բարձր պա­­­հէ, յա­­­րեցաւ գե­­­ղարո­­­ւես­­­տին ու մե­­­զի տո­ւաւ եր­­­կու նոր բառ. դի­­­ման­­­կար եւ դի­­­մաքան­­­դակ։ Ան նաեւ դար­­­ձաւ գիր­­­քի անուն- «Սրբա­­­զան Հայ­­­կա­­­­­­­զունք կամ դէմ­­­քեր ազ­­­գա­­­­­­­յին-սրբա­­­զան պատ­­­մութեան», «Ստո­­­ւերք հին դէմ­­­քե­­­­­­­րու», «Դի­­­մաս­­­տուեր­­­ներ»։ «Դէմք» բա­­­ռով լոյս տե­­­սած ամե­­­նայայտնի գիր­­­քե­­­­­­­րէն մէ­­­կը Ար­­­շակ Չո­­­պանեանի ման­­­րազնինն ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւնն է՝ «Դէմ­­­քեր։ Գ. Նա­­­րեկա­­­ցի – Մխի­­­թար (Սե­­­բաս­­­տա­­­­­­­ցի) – Աբո­­­վեան – Ալի­­­շան – Այտնեան – Խրի­­­մեան Հայ­­­րիկ – Կո­­­միտաս Վար­­­դա­­­­­­­պետ – Թ. Թէր­­­զեան – Գ. Սունդու­­­կեանց»։ Իսկ օր մը Պոլ­­­սոյ մէջ յայտնո­­­ւեցաւ եր­­­գի­­­­­­­ծաբան մը, որ ազ­­­գա­­­­­­­յին ջո­­­ջերը դի­­­մակա­­­զուրկ կրնար ընել։ Այն ժա­­­մանակ ժպտաց հայ ըն­­­թերցո­­­ղին դէմ­­­քը։ Յա­­­կոբ Պա­­­րոնեանն էր ան. «… Տիգ­­­րան Իւ­­­սուֆեան- Այս երես­­­փո­­­­­­­խանը Մի­­­ջագիւղ ծնած է 1835֊ին՝ եթէ դէմ­­­քին նա­­­յիս, 1854-ին։ Կա­­­րապետ Ու­­­թուճեան- Ծնած ժա­­­մանակն այնչափ խո­­­ժոռա­­­դէմ էր, որ դա­­­յեակը վա­­­խենա­­­լով ինքզին­­­քը սե­­­նեակէն դուրս նե­­­տեց։ Այս մար­­­դուն դէմ­­­քը սրտին հետ հա­­­կասու­­­թեան մէջ է։ Շիշ­­­մա­­­­­­­նեան էֆէն­­­տի- Այնպի­­­սի դէմք մը ու­­­նի, որ կար­­­ծես փռնգտալ կ՚ու­­­զէ եւ չկրնար։ Օրիորդ Գա­­­րագա­­­շեան- Եթէ դե­­­րասա­­­նական կեան­­­քին մէջ պա­­­կասու­­­թիւն մը ու­­­նի՝ ան ալ սա է, որ տե­­­սարան ելած ժա­­­մանա­­­կը միշտ այնպի­­­սի դէմ­­­քով մը կ՚ել­­­նէ, որ կար­­­ծես թէ հո­­­գաբար­­­ձու մ՚է, որ վար­­­ժա­­­­­­­րան կը մտնէե։

Աստղի­­­կը կը սկսի նկա­­­րի կեդ­­­րո­­­­­­­նական դէմ­­­քը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նել՝ մայ­­­րա­­­­­­­ցած հա­­­յու­­­հին. «Երե­­­խե՛ք, որ­­­մանկա­­­րում Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի վե­­­րածնման գա­­­ղափարն է ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տո­­­­­­­ւած, նո­­­րածի­­­նը գրկին կնոջ ֆի­­­գու­­­րով։ Նա գե­­­ղադէմ է եւ բա­­­րեդէմ։ Դի­­­մագ­­­ծից գի­­­տենք, թէ նա գթա­­­սիրտ է եւ բա­­­րեխօս»։

«Դէմք»- միավանկ մը, որ եր­­­կու հա­­­զարա­­­մեակ նկա­­­րագ­­­ծեց հա­­­յու մարդկա­­­յին գի­­­ծերը եւ հո­­­գեվի­­­ճակ­­­նե­­­­­­­րը։ Մաղ­­­թենք, որ ան յա­­­ւերժ ժպտայ ու մնայ սի­­­րու­­­նատես։