Category: Սփիւռք
Հայաստանի եւ Արցախի Ղեկավարները Ցաւակցութիւն Յայտնած են Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի Մահուան Առիթով
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան ցաւակցական հեռագիրներ յղած են ազգային գործիչ ու բարերար Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի մահուան առիթով։ «Այս կորուստը չափազանց մեծ է Հայաստանի, Արցախի ու […]
Հալէպի Քառասուն Մանկանց Եկեղեցին Վերականգնումէն Ետք Պիտի Բացուի Գարնան
Հալէպի Քառասուն Մանկանց մայր տաճարին մէջ, վերականգնումէն ետք, առաջին պատարագը տեղի պիտի ունենայ Մարտ-Ապրիլին: Եկեղեցին 2015-ին պայթեցուցած էին ԻՊ գրոհայինները: «Աշխատանքներուն ծաւալը վիթխարի էր: Միջանցքը ամբողջութեամբ աւերուած էր, ստիպուած էինք […]
Կեանքէն Հեռացաւ Բարերար Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն
Փետրուար18-ին, 85 տարեկանին, իր մահկանացուն կնքեց ազգային մեծ բարերար, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան երբեմնի նախագահ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն: Ան եղած է մեր հայրենիքին պատուհասած աղիտալի երկրաշարժէն տուժածներուն համահայկական օգնութեան գործի գլխաւոր […]
Բողոքի Ցոյց ԱՄՆ-ի Մէջ Ատրպէյճանի Դեսպանատան Դիմաց
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Անի» ուխտին կազմակերպութեամբ եւ մասնակցութեամբ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի եւ մօտակայ շրջաններու հայութեան ներկայացուցիչներուն, Կիրակի, 17 Փետրուարին, բողոքի ցոյց մը կատարուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ։ Այս մասին […]
Ս. Փեթերզպուրկի Մէջ Մեկնարկած են Թումանեանի 150-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ
ՌԴ Ս. Փեթերզպուրկ քաղաքին մէջ, Փետրուար 18-ին, մեկնարկած են Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները: Ս. Փեթերզպուրկի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութենէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ մեկնարկը տրուած է Ս. Փեթերզպուրկի ազգային գրադարանին մէջ՝ […]
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսն ու Ամենայն Հայոցը Էջմիածինի Մէջ Միասնական Աղօթք Կատարեցին
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրաւէրով, Փետրուար 19-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ժամանեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը: Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական […]
Տօն Սրբոց Վարդանանց Զօրավարացն մերոյ եւ 1036 վկայիցն
Յունաստանի Հայոց Թեմի Կրօնական ժողովի կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի, Հինգշաբթի՝ 28 Փետրուար 2019-ին, ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑՆ ՄԵՐՈՑ ԵՒ 1036 ՎԿԱՅԻՑՆ ազգային եւ եկեղեցական տօնին առիթով, Ն. […]
Զուիցերիոյ Բարձրագոյն Դատարանը Մերժեց Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Յուշարձանի Տեղադրման Դէմ Բողոքը
Զուիցերիոյ բարձրագոյն դատարանը մերժած է վերջերս Ժընեւի մէջ կանգնեցուած Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած յուշարձանի դէմ արտայայտուող Ժընեւի որոշ քաղաքացիներու բողոքը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը տեղեկացնէ զուիցերիական «Սուիսէնֆօ»-ն: Լրատուամիջոցը կը […]
Տեառնընդառաջը Նշուեցաւ Գամիշլիի, Հասիչէի եւ Տէրիքի Մէջ
Չորեքշաբթի, 13 Փետրուար 2019-ի երեկոյեան, Գամիշլիի Ս.Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ յիշատակուեցաւ Տեառնընդառաջի տօնը՝ նախագահութեամբ ճէզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Ռուբէն Աբղ. Նալպանտեանի: Երեկոյեան ժամերգութենէն ետք, հաւատացեալ ժողովուրդը շարականներու երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ […]
Երիտասարդական Խորհրդաժողով` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Անցեալ շաբաթավերջին, 16 եւ 17 Փետրուար 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանք հաւաքուած էին սփիւռքի զանազան երկիրներէ եկած երիտասարդներ, որոնք գումարեցին հինգ նիստերէ բաղկացած խորհրդաժողով մը` արծարծելով երիտասարդութիւնը յուզող այժմէական խնդիրներ ու քննարկելով […]










