Տեառնընդառաջը Նշուեցաւ Գամիշլիի, Հասիչէի եւ Տէրիքի Մէջ

Սփիւռք

Չորեքշաբթի, 13 Փետրուար 2019-ի երեկոյեան, Գամիշլիի Ս.Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ յիշատակուեցաւ Տեառնընդառաջի տօնը՝ նախագահութեամբ ճէզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Ռուբէն Աբղ. Նալպանտեանի: Երեկոյեան ժամերգութենէն ետք, հաւատացեալ ժողովուրդը շարականներու երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ միջնակարգի շրջափակ, ուր հայր սուրբին գլխաւորութեամբ աւանդական խարոյկին բոցավառութիւնը տեղի ունեցաւ: Ներկաները օրուան խորհուրդը ներկայացնող կրակէն լապտերներ վառեցին ու իրենց բնակարանները լուսաւորեցին անոնցմով,  կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը։

Սուրիոյ Հասիչէ քաղաքի Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւնն ու աշակերտութիւնը վարժարանի շրջափակին մէջ մեծ խանդավառութեամբ վառեցին խարոյկը եւ յիշատակեցին Տեառնընդառաջի նախատօնակը:

Նոյն օրը երեկոյեան, նախագահութեամբ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որմէ ետք Տեառնընդառաջի նախատօնակի յատուկ շարականներու երգեցողութիւն եւ արարողութիւն։

Ապա ներկաները շրջափակի խարոյկին շուրջ շրջանակ կազմած վերապրեցուցին մեր աւանդոյթներն ու հրավառութեան հետ եզակի ուրախութիւն ապրեցան։