Զուիցերիոյ Բարձրագոյն Դատարանը Մերժեց Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Յուշարձանի Տեղադրման Դէմ Բողոքը

Աշխարհ, Սփիւռք

Զուիցերիոյ բարձրագոյն դատարանը մերժած է վերջերս Ժընեւի մէջ կանգնեցուած Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած յուշարձանի դէմ արտայայտուող Ժընեւի որոշ քաղաքացիներու բողոքը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը տեղեկացնէ զուիցերիական «Սուիսէնֆօ»-ն:

Լրատուամիջոցը կը գրէ, որ Դաշնակցային դատարանը երէկ հրապարակուած որոշումով մերժած է բողոքը Ժընեւի որոշ բնակիչներու, որոնք կը նշէին, թէ «յուշարձանին կանգնեցումը կրնայ յանգեցնել ատոր, որ անիկա պիտի դառնայ ցոյցերու կամ նոյնիսկ տագնապներու վայր` հայ եւ թուրք համայնքներու ներկայացուցիչներուն միջեւ»:

Այս որոշումով վերջ պիտի դրուի յուշարձանին շուրջ երկար պատմութեան: Անիկա կանգնեցուած էր Ապրիլ 2018-ին` բանավէճերէ եւ յետաձգումներէ ետք:

Յուշարձանը ֆրանսահայ արուեստագէտ Մելիք Օհանեանի գործն է: