Կեանքէն Հեռացաւ Բարերար Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն

Հայաստան, Սփիւռք

Փետրուար18-ին, 85 տարեկանին, իր մահկանացուն կնքեց ազգային մեծ բարերար, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան երբեմնի նախագահ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն:

Ան եղած է մեր հայրենիքին պատուհասած աղիտալի երկրաշարժէն տուժածներուն համահայկական օգնութեան գործի գլխաւոր նախաձեռնողներէն ու կազմակերպիչներէն, կարելի է ըսել խորհրդանիշներէն մէկը։ Թիկունք կանգնած է նորանկախ Հայաստանի կայացման, Մայր աթոռ Սբ. Էջմիածինի հզօրացման, Հայաստանի մէջ կրթութեան գործին՝ առաջին հերթին՝ Երեւանի Ամերիկեան համալսարանի հիմնադրման գործին։

Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն ոչ միայն անձնապէս բարերար եղած է հայրենահայութեան եւ սփիւռքահայութեան կրթական եւ մշակութային մեծ նախաձեռնութիւններու, այլ նաեւ օրինակ եւ խթան հանդիսացած է բազմաթիւ բարերարութիւններու եւ իրականացուցած է  բազմաթիւ ծրագիրներ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի եւ թէ Սփիւռքի մէջ: