Սերնդափոխութեան Կարեւորութիւնը 100-ամեայ ՍՕԽ-ի Շարքերէն Ներս

ՍՕԽ-ի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին, Շրջ. Դաստիարակչական Յանձնախումբը Ուրբաթ, 8 Փետրուար 2019-ի յետմիջօրէին կազմակերպեց «Սերնդափոխութեան Հոլովոյթը Միութենական Կեանքին Մէջ» նիւթով բազմաձայն զրոյց մը, որ տեղի ունեցաւ ԱՄԺ Տան «Լ. Շանթ» […]

Ցեղասպանութիւններու Մասին Քննարկում ԱՄՆ Քոնկրեսին Մէջ

 ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած էր քննարկում մը՝ նուիրուած «Ցեղասպանութիւն» եզրը առաջին անգամ գործածութեան մէջ դրած իրաւաբան Ռաֆայէլ Լեմքինին, որ ամբողջ կեանքը նուիրեց ցեղասպանութիւնը որակող եւ դատապարտող իրաւական հիմքերու […]

Լոյս Տեսաւ Արամ Ա. Վեհափառի The Armenian Church Գիրքին Ֆրանսերէն Հրատարակութիւնը

Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ֆրանսերէն գիրքը«L’Église Armenienne» (Հայ Եկեղեցին)։ Սոյն հատորը Վեհափառ Հայրապետը գրած է անգլերէն լեզուով, ապաթարգմանուած է ֆրանսերէնի։ Նոյն գիրքը նաեւ կը թարգմանուի արաբերէնի, գերմաներէնի, պարսկերէնի,յունարէնի, ռուսերէնի եւ այլ լեզուներու։ Գիրքը կը ներկայացնէ հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը, դաւանանքը,նուիրապետական կառոյցը, ծէսը եւ անոր կեանքին ու առաքելութեան առնչուած յատկանշական երեսներ։

Ազգային Վարժարաններու Աշակերտութեան Մասնակցութեամբ Ձեռնարկ` Նուիրուած Վարդանանց Ճակատամարտին

Կազմակերպութեամբ Պէյրութի Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին եւ մասնակցութեամբ Ազգային վարժարաններու աշակերտութեան երէկ` չորեքշաբթի, 27 Փետրուար 2019-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց ճակատամարտին նուիրուած […]

Նախիջեւանի Մէջ Ատրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութիւնը՝ Լուսարձակի Տակ

Անցեալ շաբաթ, «hyperallergic.com» կայքին վրայ լոյս տեսաւ Սիմոն Մաղաքեանի եւ Սարա Փիքմընի կողմէ ուսումնասիրուած ծաւալուն յօդուած մը, որ լուսարձակի տակ կ՛առնէ Ատրպէյճանի տարածքին եւ գլխաւորաբար Նախիջեւանի Նոր Ջուղա շրջանին մէջ […]

Այլեւս Չունինք Հայաստանի Օրակարգ եւ Սփիւռքի Օրակարգ, Ունինք Համազգային Օրակարգ. Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպած է Թեհրանի Հայ Համայնքին Հետ

Իրան կատարած պաշտօնական այցի առաջին օրուան վերջին հանդիպումը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը տիկին Աննա Յակոբեանի եւ իր գլխաւորած կառավարական պատուիրակութեան հետ ունեցած է տեղի հայ համայնքին հետ: Հանդիպումը կայացած է Թեհրանի […]

Արցախի Ջատագովում Արիզոնայի Մայրաքաղաքին Մէջ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ անոր Արիզոնայի մասնաճիւղը համագործակցաբար դիմած էին Արիզոնայի հայ համայնքը քաղաքականապէս աշխուժացնելու եւ նոյն ժամանակ Արցախը ջատագովելու եռօրեայ նախաձեռնութեան մը, որ տեղի ունեցաւ 16-18 Փետրուար […]

«Ա­զատ Օր»՝ 75 Տա­րե­կան. Ա­ռա­քե­լու­թեան եւ ­Ծա­ռա­յու­թեան Նոր Տա­րի մը Նո­ւա­ճե­լու Հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ

Մեր թեր­թը ե­րէկ թե­ւա­կո­խեց «Ա­զատ Օր» ա­նու­նով իր հրա­տա­րա­կու­թեան 75-րդ ­տա­րին։ «­Նոր Օր» ա­նու­նով 1923-ի ­Մարտ 25-ին ճամ­բայ ե­լլե­լէ ա­ւե­լի քան քսա­նա­մեակ մը ետք, Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. ­Պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տին՝ 25 ­Փետ­րո­ւար […]

Ատրպատականի Հայոց Թեմին Վերաբերող Նկարչական Ցուցահանդէս Գերմանիոյ Մէջ

Գերմանացի գեղանկարիչ Մարկոս Էնտլեր, որ անցեալ տարի 5-12 Հոկտեմբերին այցելած էր Ատրպատականի Հայոց Թեմ եւ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանի հովանաւորութեամբ ու Թաւրիզի Հայ Համալսարանականներու Միութեան […]

Սերժ Թանքեան Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Կ՛ընէ Նիւ Զելանտային

Աշխարհահռչակ երաժիշտ Սերժ Թանքեան, 26 Փետրուարին, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչ ըրաւ Նիւ Զելանտայի իշխանութիւններուն։ Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը: «Նախքան երաժիշտ դառնալը ես գործիչ էի, եւ ինծի համար արուեստի ամենազարմանահրաշ արտայայտչամիջոցներէն […]