Լոյս Տեսաւ Արամ Ա. Վեհափառի The Armenian Church Գիրքին Ֆրանսերէն Հրատարակութիւնը

Սփիւռք

Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ֆրանսերէն գիրքը«L’Église Armenienne» (Հայ Եկեղեցին)։

Սոյն հատորը Վեհափառ Հայրապետը գրած է անգլերէն լեզուով, ապաթարգմանուած է ֆրանսերէնի։ Նոյն գիրքը նաեւ կը թարգմանուի արաբերէնի, գերմաներէնի, պարսկերէնի,յունարէնի, ռուսերէնի եւ այլ լեզուներու։ Գիրքը կը ներկայացնէ հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը, դաւանանքը,նուիրապետական կառոյցը, ծէսը եւ անոր կեանքին ու առաքելութեան առնչուած յատկանշական երեսներ։